Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարութիւններ (3 Սեպտեմբեր 2019)

Սեպտեմբեր 3, 2019
| Յայտարարութիւններ
0
Share on FacebookShare on Twitter
ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՈՒՆԻ ԴԷՄ ԹՐՔԱԿԱՆ
ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ
ԱՅՍՕՐ` «ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ»-ԷՆ

Այսօր, յետմիջօրէին ժամը 3:00-ին, Հալա Հատտատի «Քըլ եոմ պիոյմու» յայտագիրով, «Վանայ Ձայն» յատուկ հաղորդումով կ՛անդրադառնայ Մեծն Լիբանանի 100-ամեակին առիթով նախագահ զօր. Միշել Աունի արտասանած ճառին թրքական անարդարանալի հակազդեցութիւններուն եւ այդ հակազդեցութիւնները դատապարտող լիբանանեան պետական ու մամլոյ շրջանակներու կեցուածքներուն:

Յայտագիրին հիւրն է Ուատիհ Աքըլ: Հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն մեծաթիւ հիւրեր:

————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին Սամուէլ եւ Նատա Նահապետեան
Տիար Գրիգոր Նահապետեան եւ տիկին Թալին Եսայեան-Նահապետեան
Տիար Արամ Կարէն Նահապետեան
Օրդ. Փաթիլ Նահապետեան
Օրդ. Սապին Նահապետեան
Տիկին Ալիս Խաշխաշեան-Հայթայեան եւ զաւակունք
Նահապետեան եւ Խաշխաշեան ընտանիքներ
Հայթայեան եւ Եսայեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, զոքանչին, մեծ մօր, քրոջ եւ հարազատին`

ԱՆԺԵԼ ՆԱՀԱՊԵՏԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԽԱՇԽԱՇԵԱՆ)

մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 1 սեպտեմբեր 2019-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի չորեքշաբթի, 4 սեպտեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին չորեքշաբթի, 4 եւ հինգշաբթի, 5 սեպտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ:

————————————-


————————————-

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ 40-ՐԴ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ – ՓԱՌԱՏՕՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի կազմակերպած տարեկան գիրքի ցուցահանդէսին բացումը պիտի կատարուի հինգշաբթի‚ 31 հոկտեմբեր 2019-ին‚ ժամը 5:30-ին‚ երեկոյեան ժամերգութենէն ետք‚ Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ‚ եւ պիտի տեւէ մինչեւ 3 նոյեմբեր‚ առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 9:00:

Այս առիթով‚ ամէն երեկոյ տեղի պիտի ունենայ գեղարուեստական յայտագիր` հայկական  մշակութային միութիւններու մասնակցութեամբ:

ԳՐԱՏԱՆ ՏԵՍՉՈՒԹԻՒՆ

————————————-

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ

Տիկին Սեդա, Գալուստ, Նանար Խտըշեան, Սօսէ Պէրպէրեան եւ Խտըշեան ընտանիք, շնորհակալութիւն կը յայտնեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ արքեպիսկոպոսին, արհի. Տ. Գէորգ եպս. Ասատուրեանին` օգնական Պէյրութի պատրիարքական թեմին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիին, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախկին նախարար Հրանուշ Յակոբեանին եւ նախկին դեսպան տիար Սամուէլ Մկրտչեանին, ներկայ եւ նախկին երեսփոխաններուն եւ նախարարներուն, Ազգային իշխանութեան, ազգային պատկան մարմիններուն, ինչպէս նաեւ միութիւններու, բարեսիրական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան հայրերուն եւ բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ եւ նամակներով մասնակից եղան իրենց ամուսնոյն, հօր եւ հարազատին` ԽԱԺԱԿ ԽՏԸՇԵԱՆի մահուան սուգին:

————————————-

ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ

ՍՕՍԷ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի սաներու ֆոնտին կատարուած է հետեւեալ նուիրատուութիւնը.

Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը եւ պաշտօնէութիւնը 100$

Խաժակ Խտըշեանի մահուան առիթով Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղականութեան կատարուած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները.

Տիկին Սօսի եւ տիար Արմէն Պալեան 100.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Պերճ Ճամպուլեան 50.000 լ. ո., հանգուցեալ տիկին Սալիպիի ընտանիք 50.000 լ. ո., տիկին Լիտիա Ճորճ եւ ընտանիք 50$, Սարգիս եւ Սալբի Սիմիթեան 100.000 լ. ո., տիար Աշոտ Մսըրլեան 50.000 լ. ո., Գէորգ եւ Անահիտ Փոլատեան 100.000 լ. ո., տիար Ժան Յովակիմեան 50.000 լ. ո., «Հատէշեան» շէնքի բնակիչներ 100$:

Խաժակ Խտըշեանի մահուան առիթով Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան կատարուած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները.

Տէր եւ տիկին Կարապետ Թահմաճեան 50.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Զաւէն եւ Անահիտ Աթեշեան 50.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Թալին Գլպաշեան 100$, տիկին Քնարիկ Տօնիկեան 50.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Յարութ Չէքիճեան 50.000 լ. ո., Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու միութիւն 100.000 լ. ո.:

————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԻ ԿՐՕՆԱՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ

60-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՑԿԵՐՈՅԹ

24 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019

Նախորդը

Լիբանանի 42-րդ Միջազգային Ռելի. Քաթարցի Նասեր Սալեհ Աթիէ Առաջին Անգամ Ըլլալով Տիրացաւ Տիտղոսին… Երկար Տարիներ Սպասելէ Ետք

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (18 Հոկտեմբեր 2025)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (17 Հոկտեմբեր 2025)

Հոկտեմբեր 17, 2025
Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (15 Հոկտեմբեր 2025)

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?