Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Օգոստոս 14, 2019
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter
նՊատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Ընթերցողներու Հանդիպում` Ամերիկահայ Գրող, Կրթական Մշակ Եւ Մտաւորական Գէորգ Պետիկեանի Հետ

Երեքշաբթի, 6 օգոստոս 2019-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Հայաստանի Ազգային գրադարանի սրահին մէջ, ներկայութեամբ մեծ թիւով գրականագէտներու, գրողներու, բանասէրներու, մտաւորականներու եւ մշակութասէրներու, տեղի ունեցաւ «Ընթերցողների հանդիպում` ամերիկահայ գրող, կրթական մշակ եւ մտաւորական Գէորգ Պետիկեանի հետ» խորագիրով մշակութային գեղեցիկ ցերեկոյթ մը:

Պէտք է յիշենք, որ վերջերս նաեւ մեծ յաջողութեամբ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած էր Պետիկեան գրողի նոր լոյս ընծայած «Ես տեսայ Անին» հատորին շնորհահանդէսը, «Ա. Իսահակեան»-ի անուան գրադարանին մէջ, որուն ընթացքին խօսք առած էին անուանի համալսարաններու հանրայայտ բանախօսներ:

Ընթերցողներու հետ վերեւ նշեալ հանդիպման ներկաները նախ լսեցին ամերիկահայ գրող Պետիկեանի գրական արժանիքներուն մասին, ինչպէս նաեւ կատարուեցաւ իր 8-րդ հատորէն պատմուածքի մը ընթերցումը, այս ձեւով որոշակի գաղափար մը հրամցուեցաւ գրողի գրական ոճին, մաքուր եւ սահուն արեւմտահայերէնին, հիւմուրով խառն ու հաճելի լեզուին եւ ներկայացուցած դէպքերու ու պատկերներու հարազատութեան:

Ձեռնարկին յաջորդաբար խօսք առին` ՀՀ ԳԱԱ Մ. Աբեղեանի անուան հիմնարկի տնօրէն Վարդան Դեւրիկեանը, կրթական վաստակաշատ մշակ` Ճուլիեթա Գալստեանը, ծանօթ մտաւորական եւ հասարակական գործիչ` Գէորգ Եազըճեանն ու բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Մարգարիտ Խաչատրեանը:

Բոլոր խօսք առնողներն ալ նախ վեր առին հեղինակ Պետիկեանին գրական վաստակն ու արժէքը եւ ապա շնորհաւորեցին ու յաջողութեան եւ արեւշատութեան բարեմաղթութիւններ կատարեցին:

Աւարտին, իր սրտի խօսքով եւ յուզումով ելոյթ ունեցաւ հեղինակ Գէորգ Պետիկեանը` մեծապէս տպաւորելով մշակութասէր ներկաները:

Ապա տեղի ունեցան մտերմիկ հարցում-զրոյցներու եւ նկարուելու յիշատակելի բաժիններ` գրողի ու ընթերցողներու միջեւ:

Բոլոր ներկաները Պետիկեանի նախկին եւ կամ նոր հատորներէն մէկական նուէր ստացան:

«Հայրենիքի Պաշտպան» Նախաձեռնութեան Աջակիցներուն Շրջանակը Հատեց Հայաստանի Սահմանները

Միացեալ Նահանգներ ապրող Աշոտ Աւագեանը մէկն է այն բարերարներէն, որոնք ականջալուր են Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին նախաձեռնութեամբ ստեղծուած «Հայրենիքի պաշտպան» ծրագիրին եւ որոշած են աջակցութիւն տրամադրել հայրենիքի պաշտպանութեան ատեն հաշմանդամ դարձած զինուորներուն:

«Արմէնփրէս»-ի լրագրող Նորայր Շողիկեանը կը գրէ, որ Աշոտը, Հայաստանէն հեռու ըլլալով, ընտրեց դրամական օգնութիւն ցուցաբերելու եղանակը, համացանցին մէջ հրապարակեց տեսանիւթ, որուն արձագանգեցին նաեւ այլ ազգերու ներկայացուցիչներ: «Ծրագիրին մասին տեղեկացայ Հայաստան ապրող ընկերներէս, որոնք ծանօթացած` են նախագահին աշխատակազմի աշխատակիցներու հետ, պատմած են մեր ծրագիրներուն մասին եւ անոնց միջոցով ծանօթացած` այն մարդոց, որոնք մասնակցած են մարտական գործողութիւններուն, վիրաւորուած են եւ օգնութեան կարիք ունին: Համացանցին վրայ փոքր տեսանիւթ հրապարակեցի, ուր յայտնեցի, որ կ՛երթամ Հայաստան, եւ կոչ ուղղեցի, որ ո՛վ ինչով կրնայ օգնել, այդ բոլորը կը նկարահանեմ, անձամբ գումարը կը փոխանցեմ այն մարդոց, որոնց պէտք է օգնել, կը նկարահանեմ նաեւ այդ գործընթացը, կը պատմեմ այդ մարդոց մասին: Շատեր համաձայնեցան, եւ բաւական գումար հաւաքուեցաւ: Շատ տարբեր ազգերու ներկայացուցիչներ տուին իրենց համաձայնութիւնը` օգնելու, ինչ որ ինծի համար ալ հաճելի ու զարմացնող էր, հիմնական մասը հայեր են, բայց կան նաեւ ուքրանացիներ, մոլտովացիներ, պիելոռուսեր, ռուսեր, ուզպեքներ, ամերիկացիներ եւ այլն: Շուրջ` 25-30 հոգի: Բարութիւնը ազգութիւն չի ճանչնար: Ասիկա այդ երեւոյթին վառ օրինակն է», ըսաւ Աշոտ:

Միացեալ Նահանգներ բնակող Աշոտ Աւագեանը հեռաւորութեան պատճառով շատ յաճախ չի կրնար Հայաստան այցելել, բայց յստակ որոշած է` քանի մը տարի ետք պիտի վերադառնայ երկար ժամանակով եւ բարեսիրական այլ ծրագիրներ եւս պիտի իրականացնէ:

«Երկրորդ անգամն ըլլալով Հայաստան կ՛այցելեմ` մկրտելու իմ փոքր տղաս: Երկու տարի առաջ եկած էի մկրտելու մեծ տղաս, եւ միտքն այն էր, որ, երբ կու գաս Հայաստան, որեւէ երկրէ, պէտք է գաս այնպէս, որ միայն ընելիքդ ընելով չվերադառնաս պարզապէս, այլ բան մըն ալ պիտի ընես Հայաստանի եւ Հայաստանի ժողովուրդին համար: Մենք գումարով կ՛օգնենք, որովհետեւ, ցաւօք, բաւարար ժամանակ չունիմ ներկայ դրութեամբ, որպէսզի իրենց հետ աշխատիմ, իրենց որեւէ բան սորվեցնեմ կամ այլ օգնութիւն ցուցաբերեմ: Մեծ հաճոյքով այլ ձեւով օգտակար պիտի ըլլամ, բայց Ամերիկայի մէջ աշխատանք ու պարտաւորութիւններ ունիմ: Իմ ու կնոջս ծրագիրներուն մէջ կայ. անոր` համալսարանին մէջ ուսումը աւարտելէ ետք 2-3 տարիով պիտի գանք Հայաստան եւ աւելին ընել, քան պարզապէս դրամ տրամադրելն է», նշեց ան:

«Հայրենիքի պաշտպան» նախաձեռնութեան գաղափարը յղացաւ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան` 2019-ի յունուար 28-ին` բանակի օրուան իր ելոյթին մէջ: Անոր նպատակն է օժանդակել այն անձերուն, որոնք իրենց կեանքը վտանգած են  ծառայութեան ընթացքին եւ այդ պատճառով` հաշմանդամ դարձած:

Լիպարիտ Մելքոնեանը ծրագիրի 1000 շահառուներէն աջակցութիւն ստացած առաջիններէն մէկն է, որ աշխատանքի սկսած է Հայաստանի նախագահի աշխատակազմին մէջ եւ այժմ կը համակարգէ «Հայրենիքի պաշտպան» նախաձեռնութիւնը: «Ծրագիրի նպատակներէն մէկն է ստեղծել համագործակցութեան հարթակ հանրապետութեան նախագահի, հասարակական կազմակերպութիւններու եւ առանձին անհատներու միջեւ` յօգուտ բանակի: Տուեալ պարագային ոեւէ անհատ, որեւէ հասարակական կազմակերպութիւն, որ պատրաստակամ է օգնելու բանակին, եւ կապ չունի, թէ ի՛նչ միջոցով, կրնայ աջակցիլ ծրագիրին: Այսինքն այստեղ միայն նիւթական աջակցութիւն չենք ենթադրեր: Ատիկա կրնայ ըլլալ, օրինակ, կրթական ծրագիրով մը դասընթացքներու իրականացում: Ծրագիրին աջակցիլ փափաքողները կրնան մեզի դիմել: Ծրագիրի ծիրին մէջ մենք կ՛որոշենք օգնութեան նպատակայարմարութիւնը եւ օգնութիւնը կիրարկելի դարձնելու մեթոտները», ըսաւ Լիպարիտ Մելքոնեանը:

Հանրապետութեան նախագահի կոչին, բացի անհատներէ եւ հասարակական կազմակերպութիւններէ, արձագանգած են նաեւ պետական գերատեսչութիւնները, եւ հաշմանդամութիւն ունեցող շուրջ 10 զինուոր աշխատանքի սկսած է պետական մարմիններու մէջ:

 Նախարար Մայիլեան Ընդունեց Հայաստանի Սփիւռքի Գործերու Գլխաւոր Յանձնակատարը

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանը 7 օգոստոսին ընդունեց Հայաստանի սփիւռքի գործերով գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը:

Մասիս Մայիլեան կարեւոր նկատեց կապերու աշխուժացումը` Հայաստան-Արցախ-սփիւռք փոխգործակցութեան հետագայ ամրապնդման նպատակով: Քննարկուեցան գերատեսչութիւններուն միջեւ բարձր մակարդակով համագործակցութեան հաստատման հեռանկարները` այս ոլորտին մէջ միացեալ ջանքերու հետեւողականութիւն ապահովելու համար: Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին համահայկական շահերու խթանման, ինչպէս նաեւ հայկական երկու պետութիւններուն առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման մէջ սփիւռքի ներգրաւուածութեան ընդլայնման վերաբերող հարցեր: Այս պարունակին մէջ Մայիլեան ընդգծեց Արցախի պատրաստակամութիւնը` նպաստելու հայապահպանութեան:

Շիրակի, Լոռիի Եւ Արագածոտնի Մէջ Պիտի Լուծուի 61 Անօթեւան Ընտանիքներու Բնակարանի Հարցը

Հայաստանի կառավարութիւնը գումար պիտի յատկացնէ երկրաշարժին պատճառով Շիրակի, Լոռիի եւ Արագածոտնի մարզի 61 անօթեւան մնացած ընտանիքներուն բնակարանային խնդիրներու լուծման նպատակով:

Այս որոշումը տրուեցաւ Հայաստանի կառավարութեան 8 օգոստոսի նիստին:

Քաղաքաշինութեան կոմիտէի նախագահ Վահագն Վերմիշեան ներկայացուց իրականացուելիք նախաձեռնութիւններուն համար պետական պիւտճէով արդէն յատկացուած 560 միլիոն դրամի բաշխումը:

«Կը նախատեսուի 509,5 միլիոն դրամի հաշուոյն լուծել 61 ընտանիքի բնակարանային խնդիրներ, 40-ը` Լոռիի, 15-ը` Շիրակի, 6-ը` Արագածոտնի մարզին մէջ: Մնացած 50,5 միլիոն դրամը պիտի յատկացուի Լոռիի գիւղական շրջաններուն մէջ ծրագիրներու շահառու ճանչցուած ընտանիքներուն համար կառուցուած 31 բնակարաններու, բնակելի տուներու թերութիւններու վերացման, ինչպէս նաեւ սեփականութեան իրաւունքի գրանցման գործընթացի ապահովման», ըսաւ ան:

Շուշիի Մէջ Կայացաւ «Հայրենի Հողը Կանչում Է Մեզ» Խորագիրով Փառատօնը

29 յուլիսէն 2 օգոստոս Շուշիի մէջ տեղի ունեցաւ Ասմունքի համահայկական 8-րդ փառատօնը, որուն մասնակցեցան 9-18 տարեկան 130 հոգի` Արցախէն, Հայաստանէն, Ջաւախքէն, Ռուսիայէն, Իրանէն, Լիբանանէն եւ Միացեալ Նահանգներէն:

Փառատօնին հովանաւորն էր Հայ կրթական հիմնարկութիւնը` գլխաւորութեամբ բարերար Ալեք Պաղտասարեանի, որուն անմիջական ներդրումներով Ջաւախքի խումբը կրցաւ մասնակցիլ փառատօնին, որ նուիրուած էր Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակին եւ կը կրէ «Հայրենի հողը կանչում է մեզ» խորագիրը:

Այս տարուան փառատօնին Ջաւախքէն կը մասնակցէին Ախալցխայի, Ախալքալաքի ու Նինոծմինտայի երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոններու 10 աշակերտներ, որոնք ներկայացուցին Յովհաննէս Թումանեանի, Վահան Տէրեանի, Յովհաննէս Շիրազի, Վահագն Դաւթեանի եւ այլ բանաստեղծներու ստեղծագործութիւններ:

Դատական կազմը փառատօնի 130 մասնակիցներէն յաղթող նկատեց երկու տարիքային (9-13 եւ 14-18 տարեկաններ) խումբերու 8 մասնակիցներ:

Ջաւախքէն 10 տարեկան Զոյա Ղարսլեանը արժանացաւ 3-րդ կարգի վկայականի, բազում յուշանուէրներու եւ գիրքերու: Իսկ միւս մասնակիցները արժանացան պատուոյ գիրերու, յուշանուէրներու եւ գիրքերու: Նուէրներ տրուեցան նաեւ Արցախի մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան եւ «Գուրգէն Մելիքեանի` Քաշաթաղի բազմազաւակ ընտանիքների հիմնադրամ»-ին կողմէ:

Փառատօնին մասնակիցներուն համար կազմակերպուեցան շրջապտոյտներ` դէպի Արցախի պատմամշակութային վայրեր: Ջաւախքի մասնակիցները այցելեցին նաեւ Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզ, ուր տնօրէն Նելլի Ղուլեանը ներկայացուց նորակառոյց մանկապարտէզի ստեղծման պատմութիւնը, «Հովանաւորներու ծառ»-ի մանրամասնութիւնները:

Մասնակիցները շրջեցան մանկապարտէզի բոլոր բաժիններուն մէջ եւ զրուցեցին փոքրիկներուն հետ: Անոնք նաեւ այցելեցին Ստեփանակերտի նորաբաց եկեղեցի:

 Նորակոչիկները Զինուորական Երդում Տուին Սարդարապատի Մէջ

Սարդարապատի յուշահամալիրին մէջ N զօրամասի նորակոչիկները տուին իրենց զինուորական երդումը` ներկայութեամբ զօրամասի հոգեւոր սպասաւորներուն, սպաներուն եւ զինուորականներուն, զինուորներու ընտանիքներուն ու հարազատներու:

Ի թիւս բազմաթիւ բարեմաղթութիւններու, որոնք ուղղուած էին երդուեալ զինուորներուն, իր օրհնութեան խօսքը եւ մաղթանքները ուղղեց զօրամասի գնդերէց Արիս քհնյ. Խաչատրեանը: Բաշխելով իր օրհնութիւնը եւ բարեմաղթանքները` ան ըսաւ. «Սիրելի՛ զինուորներ, այսօր դուք ձեր երդումով անգամ մը եւս ամրագրեցիք այն ճշմարտութիւնը, որ պահապանն ու պաշտպանն էք ժողովուրդի մը, որ իր մէջ կը բիւրեղացնէ դարաւոր պատմութիւն. պատմութիւն փառքի եւ յաճախ` նահանջի: Սակայն այսօր մեզմէ կախեալ է, թէ մեր ապագան ինչպիսի՛ ներկայի ու պատմութեան կը վերածուի: Սիրելինե՛ր, ուստի մաղթանքս է, որ այս պահուն ձեր տրուած երդումը դառնայ զինուորական ծառայութեան հաւատամք»:

Տէր Հայրը, անդրադառնալով ազգին ու հայրենիքին դիմաց ծառացած մարտահրաւէրներուն, պատգամեց` սպառազինուիլ համբերատարութեամբ եւ մտքի ու մարմնի տոկունութեամբ` ամէն վայրկեան հայցելով Աստծոյ օգնութիւնը, ապա նշեց. «Այս մարտահրաւէրներու յաղթահարման առհաւատչեան հայոց բանակն է իր անկոտրում եւ հաւատաւոր զինուորներով ու սպաներով: Ուստի շատ կարեւոր է, որ հայոց բանակի իւրաքանչիւր օղակ համարկուի աստուածային ներդաշնակութեամբ` դառնալով ամբողջական շղթայի ներդաշնակ մասնիկներէն հերթականը»:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց Ախալցխայի Եւ Ջաւախքի Ուխտաւորները

Յուլիս 23-ին Գարեգին Բ. ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Ախալցխայի եւ Ջաւախքի ուխտաւորները` ուղեկցութեամբ Ախալցխայի հոգեւոր հովիւ Յակոբ աբղ. Սահակեանին: Այս մասին հաղորդած են Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն:

Հանդիպումին Ամենայն Հայոց հայրապետը իր օրհնութիւնը տուած է ուխտաւորներուն` ընդգծելով, որ Վրաստան կատարած իր հովուապետական այցելութեան ժամանակ տեսած է ջաւախահայութեան զօրաւոր հաւատքը, ազգային նկարագիրը կերտելու ջանքն ու եռանդը, ինչպէս նաեւ սէրն ու նուիրումը` համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոնի նկատմամբ:

Վեհափառ հայրապետը հետաքրքրուեցաւ դէպի հայրենիք ուխտագնացութենէն ստացուած տպաւորութիւններով, ինչպէս նաեւ` Ախալցխայի եւ տարածաշրջանի հայութեան հոգեւոր կեանքով, առկայ խնդիրներով:

Նորին սրբութիւնը յորդորեց ուխտաւորները` հաւատարիմ մնալ իրենց նախնեաց ազգային ու հոգեւոր արժէքներուն: Վեհափառը յատուկ ուշադրութեան արժանացուց ուխտագնացութեան երիտասարդներու մասնակցութեան փաստը` կարեւոր նկատելով, որ ճանչնան ու հաղորդ ըլլան այն սրբութիւններուն ու արժէքներուն, որոնք օգնած են հայ ժողովուրդին` յաղթահարել իրեն բաժին ինկած իւրաքանչիւր փորձութիւն:

Հանդիպումին ընթացքին նորին սրբութիւնը նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց վիրահայոց թեմի հոգեւոր դասին` իրենց առաքելութիւնը նախանձախնդրութեամբ եւ նուիրումով իրականացնելու եւ ազգային արժէքները պահպանելու համար:

Աւարտին հայոց հայրապետը ուխտաւորներուն մաղթեց, որ Աստուած նորոգէ անոնց ուխտը` մշտապէս պահելով իր սիրոյ եւ խնամքի ներքեւ:

Նախորդը

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Յաջորդը

Խօսք Յաւուր Պատշաճի` Պատմաբանին Եւ Զբօսաշրջիկին (Պանք Օթոման-1896)

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 9, 2025
Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար
Հայրենի Կեանք

Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար

Յուլիս 2, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յունիս 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?