ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Քննարկումներու ընթացքին որդեգրեցէք ճկուն ոճ, մանաւանդ երբ համաձայնութիւն պիտի գոյացնէք ձեր մէկ գործակիցին հետ: Մի՛ արհամարհէք ուրիշներուն կարծիքը:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Պէտք է կրկնապատկէք ձեր ճիգերը, որպէսզի հասնիք ձեր նպատակներուն: Ձեր ժամանակը երկրորդական հարցերով մի՛ վատնէք: Լաւ պատրաստեցէք ձեր թղթածրարները, որպէսզի գործի ուշացում տեղի չունենայ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Նոր գործի պիտի սկսիք, երբ ձեր առողջական վիճակը կայուն դառնայ: Մի՛ գանգատիք, այլ ամէն բարիքի համար փառք տուէք Աստուծոյ եւ գոհունակ սիրտ ունեցէք: Դժուար շրջանի մը սկիզբն է, համբերող եղէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ձեր փափաքներէն մէկը պիտի կատարուի: Առիթ պիտի ունենաք ձեր կարողութիւնները զարգացնելու: Ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք, որուն ընթացքին նոր փորձառութիւն ձեռք պիտի ձգէք:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Ընտանեկան եւ անձնական ճնշումները պիտի նեղացնեն եւ սպառեն ձեր ուժը: Առողջական վատ պայմաններու մէջ պիտի գտնուիք: Համբերող եղէք, ժամանակի ընթացքին ձեր բոլոր հարցերը պիտի կարգաւորուին:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Անտեղի եւ վիրաւորական խօսքերով մի՛ վիրաւորէք ձեր շուրջինները: Ձեր գործունէութիւնները եւ ընկերային ծրագիրները պիտի բազմանան այս շրջանին: Ընտանեկան հաճելի հանդիպումներ պիտի ունենաք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Կանուխ պէտք է երթաք աշխատանքի` առանց ուշացում արձանագրելու, որպէսզի ձեր գործերը ճիշդ ժամանակին աւարտէք: Վիճաբանութեան մէջ մի՛ մտնէք ձեր ծնողներուն հետ, համբերող եղէք անոնց նկատմամբ:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Պիտի վերագտնէք ձեր համարձակութիւնը եւ աշխուժութիւնը: Ժամանակը հասած է ձեր մշակած ծրագիրը գործադրելու: Նոր էջ մը պիտի սկսիք ձեր կեանքին մէջ: Ձեր սպասած պատասխանը պիտի ստանաք շուտով:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Առողջական անցողիկ հարցեր պիտի ունենաք, մի՛ մտահոգուիք: Դուք պէտք ունիք, որ մարդիկ ձեզ հասկնան: Ձեր առօրեայ գործերուն ընթացքը պիտի դիւրանայ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Յարաբերաբար հանգիստ շրջան մը պիտի ապրիք: Ձեր անձնական հաշիւները եւ ծրագիրները վերատեսութեան պիտի ենթարկէք: Աշխատեցէք հաճելի ժամանց մը ունենալ ձեր ընկերներուն հետ:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Մի՛ չափազանցէք ձեր պահանջներուն մէջ: Հակառակութիւններէ հեռու մնացէք: Մի՛ կորսնցնէք առիթները` լուծելու համար ձեր հարցերը: Ամսուան դժուար օրերէն մէկն է:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Պիտի վերագտնէք ձեր ինքնավստահութիւնը: Դրական շրջան մըն է, որուն ընթացքին պիտի ծանօթանաք նոր հորիզոններու: Այս շրջանին ճամբորդութեան մը ընթացքին պիտի ծանօթանաք նոր քաղաքակրթութեան մը: