ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Բանակցութիւնները յաջող աւարտ մը պիտի ունենան: Ձեր գործերը մեծ զարգացում պիտի արձանագրեն: Ժամանակ տրամադրեցէք նաեւ ձեր ընտանիքին:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Ձեր ունեցած յոռետես միտքերը պատճառ պիտի դառնան, որ դուք յայտնուիք նեղ կացութեան մէջ: Սուր դիտողութիւններ մի՛ կատարէք եւ վիճաբանութան մէջ մի՛ մտնէք ձեր շուրջիններուն հետ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Մի՛ յանձնուիք, այլ կրկրին փորձեցէք, մինչեւ որ հասնիք ձեր նպատակին: Ամսուան լաւագոյն օրերէն մէկն է: Ձեռնարկի մը կամ ժողովի մը պիտի մասնակցիք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ընտանեկան հարցով մը պիտի մտահոգուիք: Անձնական խնդիր մը պիտի ծագի ձեր գործին մէջ: Ձեր պատասխանատուութիւններուն մէջ մի՛ թերանաք: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Նախորդ օրերու կիսատ ձգած ձեր աշխատանքները դասաւորեցէք: Ինքնավստահ եղէք ձեր կարողութեան նկատմամբ: Յարգեցէք ձեր շուրջինները, եթէ կ՛ուզէք յարգուիլ:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Անակնկալ ծախսեր պիտի ունենաք: Պէտք է խնայողութիւն կատարէք: Քննութիւններու շրջան մը պիտի ապրիք: Ձեր գործը բծախնդրութեամբ կատարեցէք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ձեր պարտականութիւնները պիտի բազմանան: Ճնշող շրջան մըն է: Աշխատանքային եւ առողջական վիճակի վատացումէն զգուշ եղէք: Ձեր պարտականութիւնները լիուլի կատարեցէք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Զիջումներ կատարեցէք ձեր գործին մէջ եւ բազմապատկեցէք ձեր հանդիպումներն ու ժողովները: Գնահատանքներ եւ շնորհաւորանքներ պիտի ստանաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Հեռու մնացէք հարցերէն ու վիճաբանութիւններէն: Մի՛ զոհէք ձեր գործը վիճաբանութեան մը համար: Պէտք է անտեսէք անզգայ եւ անտարբեր մարդոց, որպէսզի ձեր օրը դժոխքի չվերածուի:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Լոյսերը ձեր վրայ կեդրոնացած են: Մի՛ թերանաք ձեր պարտականութեան մէջ, ընդհակառակը, պատրաստ եղէք պատասխանատուութիւն վերցնելու: Բարեացակամ վերաբերմունք ունեցէք ձեր շուրջիններուն հանդէպ:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Մինակ մի՛ աշխատիք: Գործակցեցէք ձեր ընկերներուն հետ հարկ եղած յաջողութիւնը արձանագրելու համար: Անակնկալ հանդիպում մը պիտի ուրախացնէ ձեզ:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Մի՛ յամառիք եւ եղէք լայնամիտ այլոց տեսակէտներուն եւ կարծիքներուն նկատմամբ: Մի՛ ծուլանաք, սրբագրեցէք ձեր սխալները եւ հետապնդեցէք ձեր իրաւունքները, որպէսզի վերագտնէք ձեր դիրքը ձեր ընկերութեան մէջ: