Իր մասնակցութիւնը բերելու համար 4-8 օգոստոսին Մարոքի մէջ տեղի ունենալիք Արաբական լողարշաւի կրտսերներու ախոյեանութեան, երէկ Լիբանանի լողարշաւի պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ մրցավայր:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի լողարշաւի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Մոհամետ Համտան, իսկ ազգային խումբին մարզիչն է Ֆրանսուա Ղաթթաս:
Նշենք, որ Լիբանանի ազգային խումբին մաս կը կազմեն 17 տղաք եւ 5 աղջիկներ: