Եւրոպական ֆութպոլի մրցաշարքերուն 2019-2020 տարեշրջանին իրենց մասնակցութիւնը բերող հայկական ակումբներուն ցարդ արձանագրած արդիւնքները կը նկատուին բացառիկ:
Հայկական խումբերը ցարդ իրենց կատարած 14 մրցումներուն ընթացքին արձանագրած են 8 յաղթանակ եւ 2 հաւասարութիւն:
Այսպիսի փայլուն արդիւնքներու շնորհիւ Հայաստանի ունեցած վարկանշային կէտը կը կազմէ 2250, ինչ որ եւրոպական երկիրներուն դասաւորման մէջ կը նշանակէ, որ կը գրաւէ 8-րդ դիրքը, եթէ նկատի առնուին «Չեմփիընզ-լիկ»-ի եւ «Եւրոպայի-լիկա»-ի մրցաշարքերուն զտումի արդիւնքները:
Յաղթանակի համար կը տրուի 0,250 վարկանշային կէտ, իսկ հաւասարութեան պարագային` 0,125:
Հայկական խումբերէն 0,750 կէտ ապահոված են Արարատ Արմենիա, Փիւնիկ եւ Ալաշկերտ: Բանանց իր երկու պարտութիւններուն պատճառով կէտ չէ կրցած ապահովել Հայաստանին:
Առաջին դիրքին վրայ է Սկովտիա (3000), երկրորդին վրայ` Շուէտ (2500), իսկ երրորդին վրայ` Լիխթնշթայն (2500):
Վերջին հինգ տարիներուն ընդհանուր վարկանիշով Հայաստան յառաջդիմած է 6 դիրքով եւ այժմ Եւրոպայի մէջ 37-րդն է:
Արարատ Արմենիա եւ Փիւնիկ ցարդ կը շարունակեն իրենց ելոյթները` «Եւրոպայի-լիկա»-ին մէջ: