Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի խումբերէն Շապապ Սահելի մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ ակումբը պայմանագրութիւն մը կնքեց եգիպտացի փորձառու մարզիչ Մոհամետ Հասանի հետ (ծանօթ` Քարիքա կեղծանունով):
Ան մօտիկ ապագային պիտի ստանձնէ Սահելի տարիքային խումբերը` իրեն օգնականներ ունենալով Հիւսէյն Օլլէյքը եւ բերդապահներու մարզիչ Ապպաս Շիթը:
Շապապ Սահելի նախագահն է Սամիր Տըպուք:



