Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԽՕՍՔԸ. ՀԱՆԴԻՍԱՎԱՐՈՒՀԻԻՆ ԱՆՍԱ՛ՆՔ…

December 27, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սիրելի՛ ընթերցող, Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետին տօնին առիթով գրած «18 դեկտեմբեր 2011» թուակիր սիւնակս չկրցայ ղրկել «Ազդակ»-ին, քանի որ ելեկտրականութեան հոսանքը կտրուած էր: Երէկ երեկոյեան ժամը 7:00-ին ըլլալու էի Այնճար, բայց չկրցայ մեկնիլ անկանոն երթեւեկին ու տարօրինակ խճումին պատճառով…:

Նախորդ սիւնակներէն մէկուն մէջ հաստատած էի, թէ քրիստոնեաներս հաւատալով Աստուծոյ` մեր առօրեային մէջ ընդունելու ենք աստուածային նախախնամութիւնը, որ իրականացումն է Տիրոջ ծրագրին եւ կը տանի «մեզ որդեգրութեան Անոր մէջ» (Եփս. 1,5):

«Որդեգիրս» առաջնորդեց «Հ. Կ. Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի Սուրբ Ծննդեան համերգ»-ին, որ տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, ամսոյս 21-ին, ժամը 7:00-ին, դպրոցաբակին մէջ: Մանուէլ Քէշիշեանի խմբավարութեամբ` կատարողներն էին «Վարժարանի երգչախումբը» եւ «հայրենի երգչուհի` Մարինէ Գրիգորեան»: Մեր սրտերը համակեցին ցնծութեամբ: Կեցցե՛ն:

Անոնցմէ առաջ, սակայն, իմ հոգեմտաւոր ուշադրութիւնս գրաւեց բացման խօսքով ներկաներն ողջունող տիկինը: Անկեղծօրէն ըսելու համար, անակնկալի եկայ…: Այո՛, ուրախացայ, ժպտեցայ, բաւարարուեցայ:

Ներքին ուրախութիւնս, հաճ ժպիտս ու յուզումնախառն գոհունակութիւնս առթող այն իրողութիւնն էր, թէ շատ հազուագիւտ անգամ լսած եմ աշխարհական անձէ մը, ինչ որ երէկ լսեցի հանդիսավարուհիէն Ս. Ծնունդին մասին… Իրաւունք պիտի տաս տրուպիս, երբ կարդաս այս առաջին մէջբերումն անոր ելոյթէն:

«Հաշուած օրեր յետոյ ողջ քրիստոնեայ աշխարհը կը պատրաստուի տօնելու մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը` աւետելով Աստուծոյ մարդեղութեան եւ Փրկիչին յայտնութեան բարի լուրը»:

Հայ եկեղեցին Ս. Ծնունդը կոչած է` «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի». այդպէս է իրապէս, որովհետեւ հրաշքով միայն կարելի էր յաւիտենականութիւնը եւ անսահմանը պարուրել նորածին մանկան մը խանձարուրին մէջ` այդ մանուկը դարձնելով մեր Տէրը, որ կրցաւ առնել ծառայի կերպարանք:

Աստուծոյ այս մեծ հրաշքը, միայն գիտենք, պատահած է, «որովհետեւ մեզի համար Տէրը մարմնացաւ»:

Զարմանալով եւ հաւնելով` լռելեայն շնորհաւորեցի ու շնորհակալութիւն յայտնեցի տրուած «քարոզին» համար, որ պարզօրէն ներկայացուց Աստուծոյ մարմնաւորութեան եւ ամենասուրբ Երրորդութեան Երկրորդ Անձին մարդեղութեան անըմբռնելի՜ խորհուրդը:

Զարմանահարումիս մէջ կը յածէի տակաւին, երբ յաջորդ լսածներս զիս մխրճեցին  աւելի զօրաւոր անակնկալի մը գոգը: Շփոթեցայ. խօսողը վարդապե՞տ էր, քահանա՞յ…: Ո՛չ: Հանդիսավարուհին, դեռ աւելի յանձնառու ձայներանգով, ներկաներուս տուաւ իր յստակ խրատականը.

«Յիսուս շուտով պիտի ծնի: Ան իր  գալուստով պիտի վերափոխէ մեր կեանքը: Դիմաւորե՛նք  Յիսուսի ծնունդը երգով ու խինդով: Սակայն յիշե՛նք, որ մեր փառաբանական երգերը եւ գոհաբանական մաղթանքները անիմաստ կ՛ըլլան, եթէ մեր հոգիներուն խորքը չունինք անսասան հաւատք: Ուրեմն, հաշուած ժամանակին մէջ եկէ՛ք, քննե՛նք մեր սրտերը, սրբութեան կարիքը չե՞նք զգար արդեօք: Քննե՛նք մեր գործերը, արդեօք անոնք միշտ ճշմարիտ, բարի կամ բարերա՞ր են…»:

Հանդիսավարուհիին անսա՛նք:

Անոր ձայնակցելով` ես կը հաւատամ, եւ դուն ալ միանալու ես այս հաւատամքիս նկատմամբ Անոր, որ թէպէտ այս շրջանին իբրեւ Մանուկ կը ներկայանայ, բայց եւ այնպէս իբրեւ ամենազօր Արարիչ կը յայտարարէ. «Ամէն բան նոր կ՛ընեմ», որովհետեւ Ես եմ «Ալֆան եւ օմեկան, այբն ու քէն, սկիզբը եւ վերջը» (Յյտ. 21,5-6):

Հանդիսավարուհիին անսա՛նք:

Անոր ձայնակցելով` ընդունի՛նք այս ազատագրող ճշմարտութիւնը եւ թոյլատրե՛նք ներգործումը մեր առօրեային մէջ, երբ հոն կ՛արձագանգէ Աստուածային Մանուկին քաղցրաձայն սէրը. «Ես եկայ, որպէսզի մարդերը կեանք ունենան եւ առատութեամբ ունենան» (Յվհ. 10,10):

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Այնճար, 22 դեկտեմբեր  2011

 

Նախորդը

ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԸ. ՔԱՆԴԵ՛Լ ԹՈՒՐՔ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԵՒ 1915 ՄԵԹՐ ԵՐԿԱՐՈՒԹԵԱՄԲ ՊԱՏԸ

Յաջորդը

«ՊԷՅՐՈՒԹԸ Կ’ԵՐԳԷ» ՀՈԳԵՒՈՐ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ 4-ՐԴ ՓԱՌԱՏՕՆ. «ԿԱՐԿԱՉ» ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ Ս. ԾՆՈՒՆԴԻ ԵՒ ԱՄԱՆՈՐԻ ԱՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԾՈՒԱԾ ՀԱՄԵՐԳԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.