Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՔՈՆԿՐԵՍԻՆ ԿՈՉԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ` ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁՆԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ. ՓՈԽՀԱՏՈՒՑՄԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՅԱՋՈՂ ՓՈՐՁ

December 27, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիան մեծ պարտութիւն կրեց անցեալ շաբաթ, երբ Միացեալ Նահանգներ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տունը ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ նշանակալից բանաձեւ մը ընդունեց` կոչ ընելով Թուրքիոյ կառավարութեան, որ վերադարձնէ բռնագրաւուած աւելի քան 2000 քրիստոնէական եկեղեցիներն ու այլ կալուածներ «իրենց օրինական տէրերուն»:

Այս յաղթանակը յատկապէս նշանակալից է, որովհետեւ անիկա տեղի կ՛ունենայ ճիշդ այն ժամանակ, երբ Թուրքիոյ հեղինակութիւնը հասած է իր գագաթնակէտին` թէ՛ տարածաշրջանին մէջ եւ թէ՛ միջազգայնօրէն: Սակայն, հակառակ քաղաքական եւ տնտեսական իր հզօր ուժին, ո՛չ թրքական վարչակարգը, ո՛չ ալ անոր հզօր լոպիիստները կրցան բացայայտ կերպով դէմ դնել Քոնկրեսին ընդունած բանաձեւին, որ կոչուած էր պաշտպանելու Թուրքիոյ մէջ քրիստոնէական փոքրամասնութիւններու կրօնական իրաւունքները: Այս է պատճառը, որ բանաձեւը, երբ առաջին անգամ յուլիս 20-ին ներկայացուեցաւ Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին` իբրեւ արտաքին գործոց նախարարութեան արտաքին յարաբերութիւններու լիազօրման որոշումի փոփոխութիւն, անիկա հեշտութեամբ ընդունուեցաւ ձայներու 43-1 յարաբերակցութեամբ:

Դեկտեմբեր 13-ին, մինչ բանաձեւը կը դրուէր քուէարկութեան Ներկայացուցիչներու տան մէջ, արտաքին գործոց նախարարութիւնը Թուրքիոյ խնդրանքով զգուշ, սակայն ապարդիւն փորձ կատարեց` խոչընդոտելու համար բանաձեւին ընդունումը: Թուրք-ամերիկեան կազմակերպութիւնները նաեւ քարոզչական ձախող պայքար մը մղեցին բանաձեւին դէմ: Ներկայացուցիչներու տան ե՛ւ Հանրապետական մեծամասնական, ե՛ւ Դեմոկրատական փոքրամասնական կուսակցութեանց անդամները ուշադրութիւն չդարձուցին այդ կազմակերպութիւններուն մերժողական պահանջներուն: Այս երկկուսակցական ուժեղ համախմբումը յաջողութեամբ հաւաքեց բանաձեւի ընդունման համար պահանջուած Ներկայացուցիչներու տան ձայներուն երկու-երրորդը, ինչ որ դժուար յաղթահարելի խոչընդոտ մըն էր, քանի որ միջնորդութիւնը ներկայացուած էր խորհրդարանական յատուկ ընթացակարգով մը, որ յայտնի է «Կասեցման օրացոյց» անունով:

Թուրքիոյ կառավարութիւնը եւ իր լոպիիստական մեծածախս ընկերութիւնները ամօթալի կացութեան մատնուեցան, երբ Քոնկրեսի 435 անդամներէն միայն մէկը խօսեցաւ եւ քուէարկեց բանաձեւին դէմ: Աւելի՛ն. Քոնկրեսի Թուրք-ամերիկեան բարեկամութեան խումբի համանախագահ Էտ Ուիթֆիլտ (Հ. Քընթաքի) պատրաստակամութեամբ ընդունեց, որ` «քիչերը դէմ պիտի ըլլան այս բանաձեւին»: Ապա ան աւելցուց. «Բանաձեւին ներկայացումը ինքնին ոեւէ անաչառ դիտորդի մը մօտ կը ձգէ այն տպաւորութիւնը, որ կրօնական ազատութիւնը Թուրքիոյ մէջ կը խախտուի շարունակաբար»: Քանի մը վայրկեան նիւթէն շեղելէ ետք, առանց իմանալու թէ ինչպէ՛ս աւարտէ իր խօսքը, քոնկրեսական Ուիթֆիլտ իր խօսքին մնացած ժամանակը տրամադրեց իր հակառակորդներուն` բանաձեւի կողմնակիցներուն:

Նման աղէտալի պարտութենէ ետք, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ուրիշ ոչինչ կրնար ընել, քան` արտայայտել իր հիասթափութիւնը: Ասիկա Թուրքիոյ բնորոշ գործելակերպ է. ի սկզբանէ մեծ ուժ գործադրել եւ սպառնալիքներ ներկայացնել` անբարենպաստ որոշումէ խուսափելու համար, եւ միայն պարտուելէ ետք, բանաձեւը որակել անկարեւոր` թաքցնելու համար իր ամօթալի պարտութիւնը: Եթէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կարեւորութիւն չէր տար այդ բանաձեւին, ապա ինչո՞ւ ամբողջ աշխարհը իրարու խառնեց` փորձելով զայն տապալել:

Միամիտ հանրութիւնը ապակողմնորոշելու համար թուրք պաշտօնատարները պնդեցին, թէ բանաձեւը ընդունուած է երկուքի դէմ մէկ քուէով, առանց բացատրելու, թէ բերանացի քուէարկութեան ընթացքին Ներկայացուցիչներու տան անդամներէն շատերը սովորաբար սրահին մէջ ներկայ չեն ըլլար: Երբ երկու կողմերու ղեկավարները կը համաձայնին որեւէ հարցի մը շուրջ, միայն քանի մը անդամ ներկայ կ՛ըլլայ եւ կ՛ընդունի այդ բանաձեւը: Թրքական իշխանութիւնները պէտք է պատասխանեն հիմնական հարցումի մը, թէ` ինչո՞ւ 435 քոնկրեսականներէն միայն մէկը դէմ քուէարկած է բանաձեւին: Այս փաստը կը վկայէ, որ «օսմանեան նոր թագաւորը մերկ է»:

Թէեւ այս բանաձեւը պարտադիր ուժ չունի, քանի տակաւին չէ ներկայացուած ծերակոյտին եւ չէ ստորագրուած նախագահին կողմէ, ասիկա արդէն իսկ զգալի յառաջընթաց է Թուրքիա ապրող քրիստոնեայ բոլոր փոքրամասնութիւններուն համար, որոնց կալուածները բռնագրաւուած են տասնամեակներ շարունակ: Ոգեւորուելով այս դրական յառաջընթացով` հայկական, ասորիական եւ յունական համայնքները պիտի շարունակեն իրենց աշխուժ համագործակցութիւնը եւ ճնշում պիտի գործադրեն Թուրքիոյ վրայ` իրենց պատմական իրաւունքները վերականգնելու համար:

Ասիկա առաջին անգամն է, որ աշխարհասփիւռ հայութեան համար Միացեալ Նահանգներու  Քոնկրեսը Թուրքիայէն հատուցում պահանջեց, այլ ոչ թէ` սոսկ Ցեղասպանութեան ճանաչում: Այս բանաձեւը կրնայ խթան հանդիսանալ միւս երկիրներուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն, որ անոնք ալ հետեւելով այս օրինակին` Թուրքիոյ մէջ իրաւունքներու վերականգնում պահանջեն: Այսուհետեւ, թրքական կառավարութիւնը պէտք է շատ աւելի զգուշ ըլլայ, երբ այդ իրաւունքները կ՛ոտնահարէ, քաջ գիտակցելով, որ միջազգային համայնքը աչալուրջ կը հետեւի Թուրքիոյ կողմէ շարունակաբար իրականացուող խախտումներուն:

Այս բանաձեւին յաջող ընդունումը պիտի ոգեւորէ աշխարհասփիւռ հայերը շարունակելու իրենց պայքարը` յանուն Ցեղասպանութեան պատճառով եղած կորուստներու վերականգնման: Ցաւօք, Հայաստանի մէջ ոեւէ մէկ հոգեւորական կամ պաշտօնատար որեւէ յայտարարութիւն չկատարեց այս կարեւոր հարցին կապակցութեամբ, կարծէք թէ հայկական եկեղեցիներուն ճակատագիրը զիրենք չի հետաքրքրեր: Արդեօ՞ք հայերուն լաւագոյն շահերէն չի բխիր, որ Հայաստանը սփիւռքին հետ միասնաբար փոխհատուցում պահանջէ` հաշուի առնելով մանաւանդ նախագահ Սարգսեանի` վերջերս Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքին մէջ կատարած յայտարարութիւնը, որով «արդարութիւն» կը պահանջէր Թուրքիայէն:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Նախորդը

ՆԿԱՐԻՉ, ՈՐ ՁԳՏՈՒՄ Է ԴԷՊԻ ԱՆՎԵՐՋՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՆԿԱՐԻՉ ՄՈԿՈՅԻ (ՄԱՐԻԱՄ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆԻ) ՀԵՏ

Յաջորդը

ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԸ. ՔԱՆԴԵ՛Լ ԹՈՒՐՔ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԵՒ 1915 ՄԵԹՐ ԵՐԿԱՐՈՒԹԵԱՄԲ ՊԱՏԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.