Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Ամերիկեան Ելեւմտական Պատժամիջոցները Կասկածելի Են»

July 13, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Երիտասարդ իրաւաբաններու արաբական կազմակերպութեան անդամ երիտասարդներու մէկ պատուիրակութիւնը, որ կը մասնակցի Պէյրութի մէջ տեղի ունեցող «Նաւթը եւ կազը` մարտահրաւէրներու եւ օրէնքի միջեւ» համագումարին:

Յուլիսեան պատերազմի յաղթանակին առիթով Պըրրի շեշտեց, որ 1975-ին հիմնուած Դիմադրութիւնը կացութիւնը հակակշռող ուժ է, ինչպէս նաեւ օժանդակ ազդակ մը կը նկատուի ցամաքային եւ ծովային սահմանագծումին ծիրին մէջ Լիբանանի մղած քաղաքական պայքարին:

Պըրրի հաստատեց, որ Պաղեստինին սպառնացող մեծագոյն վտանգը արաբներուն բաժնուած ըլլալու իրականութիւնն է:

Ան հաստատեց, որ Սուրիան էր եւ կը շարունակէ մնալ Դիմադրութեան նպաստող հզօր նեցուկը, «իսկ Սուրիոյ հիւսիսը թիրախ դարձնողը երկիրներու խաղն է, որուն նպատակն է Սուրիան զբաղեցնել եւ իր առանցքային դերակատարութենէն դուրս բերել», շեշտեց Պըրրի:

Ան ընդգծեց, որ Իսրայէլ կը փափաքի նոր Մազարեհ Շեպաայի իրավիճակ մը ստեղծել, սակայն այս անգամ ծովուն մէջ: «Լիբանան հինգ տարիէ ի վեր կը մղէ քաղաքական այս պայքարը` կառչած մնալով իր կեցուածքին: Պէտք է այստեղ հաստատել, որ քաղաքական պայքարները աւելի նուազ վտանգաւոր կամ կարեւոր չեն զինուորականէն», հաստատեց Պըրրի:

Պըրրի հաստատեց, որ Լիբանան յուլիսեան պատերազմը միայն Դիմադրութեան զօրութեան շնորհիւ չէ, որ յաղթանակած է, այլ նաեւ լիբանանեան միացեալ կեցուածքով:

Միւս կողմէ, Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Հըզպալլայի պատասխանատուներուն դէմ ամերիկեան ելեւմտական պատժամիջոցները կասկածելի են` նկատի ունենալով անոնց հաստատման թուականը:

Ան նշեց, որ խորհրդարանի լիագումար նիստը պիտի կայանայ ճշդուած թուականին:

 

 

Նախորդը

Վարչապետ Հարիրի Էլիաս Մըրի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Նախագահ Աուն. «Խաղաղութիւն Հաստատելու Նախկին Փորձերը Ձախողեցան, Որովհետեւ Անոնք Թուղթի Վրայ Մնացին»

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.