Երէկ երեկոյեան «Մանար» կայանէն պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ սանձազերծուած յուլիսեան պատերազմի 13-ամեակին առիթով անդրադարձաւ ներլիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային հարցերու` կեդրոնանալով յատկապէս սուրիական տագնապի, Իսրայէլի միջինարեւելեան հարցերուն, ամերիկեան պատժամիջոցներուն, ճնշումներու եւ նոյնանման հարցերու վրայ:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ յուլիսեան յաղթանակին շնորհիւ Իսրայէլ հազար անգամ կը մտածէ Լիբանանի դէմ որեւէ ոտնձգութիւն կատարելէ առաջ` ընդգծելով, որ Հըզպալլա յարձակողական կարողականութիւն ունի` որակական զէնքերով զինուած:
Սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, թէ ինք գիտակից է Իսրայէլի նկատմամբ յաղթանակին գծով` եթէ պատերազմ ծագի, «իսկ եթէ տէրը կամենայ եւ տրամաբանօրէն, ես պիտի աղօթեմ Երուսաղէմի մէջ», ըսած է Նասրալլա:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատած է, որ հիւսիսային գրաւեալ Պաղեստինը ամբողջութեամբ Հըզպալլայի հրթիռներուն թիրախ է:



