Յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը երէկ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ երեսփոխան Ֆայսալ Սայեղի, նախկին նախարար Ղազի Արիտիի, երեսփոխան Անթուան Սաատի, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասերի եւ երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթի խորհրդատու Հուսամ Հարպի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Քապըր Շմունի միջադէպին վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Ապա Արիտի յայտնեց, որ կառավարութիւնը իւրաքանչիւր թղթածրարի հետ պէտք է ամէնօրեայ կերպով վարուի` առանց մեծամտութեան եւ հիմնուելով օրինական հաստատութիւններուն վրայ:
Արիտի հաստատեց, որ իրենք կը վստահին պետութեան հեղինակութեան եւ լիբանանցիներուն նկատմամբ անոր պետական հաստատութիւններուն գործունէութեան:
«Եթէ երկրին պետական հաստատութիւնները օրէնքի համաձայն գործունէութիւն ծաւալեն, ապա երկրին մէջ ոչ մէկ հարց պիտի ըլլայ», հաստատեց ան: