ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Ճնշումներ պիտի ունենաք եւ` բացասական ազդեցութիւններ. համբերող եղէք եւ ժամանակի ընթացքին պիտի անհետանան բոլոր դժուարութիւնները: Աշխատանքային առումով, դժուար շրջան մըն է:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Ուրախ պահեր պիտի ապրիք ձեր կողակիցին եւ զաւակներուն հետ: Բախտաւոր օրերէն մէկն է, ձեռնածալ մի՛ մնաք, oգտուեցէք առիթներէն` բարելաւելու ձեր պայմանները: Նիւթական կոկիկ շահ մը պիտի ապահովէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Փոփոխութիւններ պիտի մտցնէք ձեր աշխատանքի ցուցակին մէջ: Աշխատանքային հանդիպումներ պիտի ունենաք մասնագէտներու հետ: Պատրաստ եղէք համարձակօրէն քննարկումներու մասնակցելու:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Եթէ կ՛ուզէք յաջողութիւն արձանագրել, պէտք է տքնաջան աշխատիք: Հետեւողական եղէք ձեր ծրագիրներուն մէջ: Մի՛ մեղադրէք ձեր շուրջինները, եթէ վստահ չէք եղելութիւններէն:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Դասաւորեցէք ձեր գործերը, որպէսզի ուշացում չարձանագրէք: Նոր պաշտօն մը պիտի ստանձնէք: Ծրագրեցէք ամառնային արձակուրդի երթալ, որպէսզի հանգստանաք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Բախտը ձեր կողքին պիտի ըլլայ այս շրջանին: Աշխատեցէք իրականացնել ձեր նպատակները` առանց ժամանակ կորսնցնելու: Ձեր ընկերներէն օգնութիւն խնդրեցէք, որպէսզի ճիշդ ժամանակին աւարտէք ձեր գործը:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Անձնական եւ ընտանեկան դժուարութիւններ պիտի ունենաք: Անհասկացողութենէ հեռու մնացէք: Ընտանեկան հարց մը պիտի յաջողիք լուծել: Մի՛ թերանաք ձեր պարտականութիւններուն մէջ:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Պատրաստ էք` նորութիւններ մտցնելու ձեր կեանքին մէջ: Յստակացուցէք ձեր տեսակէտը, որպէսզի կանխէք որեւէ անհասկացողութիւն ձեր գործին մէջ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ձեր մէկ ծրագիրը ձախողութեան պիտի մատնուի, բայց դուք մի՛ յուսահատիք, այլ աշխատեցէք իմանալ պատճառները եւ զանոնք լուծել: Ընկերային յաջող յարաբերութիւններ պիտի մշակէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ձեր պայմանները իրենց բնականոն ընթացքը պիտի ունենան: Դրական շրջան մըն է: Ձեր նպատակները իրագործելու համար օգտուեցէք առիթներէն: Ձեր գաղտնիքները մի՛ բացայայտէք ձեր շուրջիններուն:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Յուսահատեցնող պահեր պիտի ապրիք: Մի՛ աճապարէք ստորագրել աշխատանքային պայմանագիր` առանց սերտելու մանրամասնութիւնները:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Քննութեան մը պիտի մասնակցիք եւ յաջող արդիւնք պիտի ապահովէք: Տարբեր ճնշումներ պիտի ունենաք, համբերող եղէք: Ընտանեկան հարցերով պիտի զբաղիք այս օրերուն: