Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ. ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ` ՍՕՍԻ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ «ԵՒ ԿԵԱՆՔԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ» ՖՐԱՆՍԵՐԷՆ ԳԻՐՔԻՆ

December 23, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ գործակցաբար «Ազդակ»-ին ու Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, երէկ` հինգշաբթի, 22 դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ Սօսի Սարգիսեանի «Եւ կեանքը կը շարունակուի» խորագրեալ ֆրանսերէն գիրքի շնորհահանդէսն ու մակագրումը, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ:

Հայերէնով եւ արաբերէնով Սիլվա Գարավարդանեանի արտասանած բացման խօսքէն ետք, Ալիս Պօղոսեան ֆրանսերէնով ու հայերէնով ներկայացուց գիրքը: Նախքան այդ սակայն, Պօղոսեան ողջունեց Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացող օրինագիծի որդեգրման յանդուգն քայլը` շնորհակալութիւն յատնելով Ֆրանսային:

Ապա ան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց հեղինակին` Սօսի Սարգիսեանի կենսագրականը, վեր առնելով անոր նկարագրային իւրայատուկ գիծերը:

Ալիս Պօղոսեան
Սօսի Սարգիսեան

Ալիս Պօղոսեան հակիրճ տողերու մէջ ներկայացուց գիրքի բովանդակութեան գլխաւոր բաժինները` ընդգծելով, որ անիկա կ՛անդրադառնայ ջարդերէն վերապրած հայորդիներու Լիբանան, յատկապէս Պուրճ Համուտ հաստատման եւ հետագայ զարգացումներուն: Ան թուեց գիրքին մէջ նշուած ազգային, կուսակցական, ընկերային թէ կրթական միութիւններն ու կեդրոնները: «Այժմ կրնանք խօսիլ ժողովուրդի մը մասին, որ ոչ միայն Ցեղասպանութենէն վերապրած է, այլ նաեւ յաջողած է յաղթահարել իր դէմ ցցուած արգելքներն ու մարտահրաւէրները, եւ կ՛աշխատի իր արդար դատին լուծման տեսլականով», ընդգծեց Պօղոսեան:

«Սօսի Սարգիսեան խնամուած ձեւով կատարած է իր աշխատանքը եւ ակադեմական մօտեցումով վեր առած է Պուրճ Համուտի դերն ու առաքելութիւնը` խոր սիրով ու հաւատքով», եզրափակեց Պօղոսեան:

Ապա խօսք առաւ հեղինակը ինք, որ հայերէնով ու ֆրանսերէնով ներկայացուց իր տքնաջան աշխատանքին ընկերակցած պայմանները: Այս առիթով Սարգիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստած են սոյն աշխատանքի իրագործման, յատկապէս` Սեն Ժոզեֆ համալսարանի տնօրէն հայր Շամուսիի, «Ազդակ»-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ Ալիս Պօղոսեանին: Ան յայտնեց, որ իր գիրքը կը ձօնէ իր ընտանիքին եւ բոլոր այն հայերուն, որոնք «կրցան յաղթահարել օրհասական պայմաններն ու բոլոր դժուարութիւնները»:

«Այսօր Պուրճ Համուտ ամբողջութիւն մըն է եւ կը շարունակէ մնալ իբրեւ այդպիսին: Ես խոր յարգանքով կը մօտենամ այս գաղութի բնակչութեան», ընդգծեց Սօսի Սարգիսեան:

Աւարտին կատարուեցաւ գիրքին մակագրութիւնն ու յաւուր պատշաճի հիւրասիրութիւն մատուցուեցաւ:

 

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉ. ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ` «ԻՆՉՊԻՍԻ՞ ՎԵՐԱԲԵՐՈՒՄ ՑՈՅՑ ՏԱԼ ԱՆՉԱՓԱՀԱՍՆԵՐՈՒ ՍԵՌԱՅԻՆ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ» ՆԻՒԹՈՎ

Յաջորդը

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՆՈՐ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.