Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉ. ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ` «ԻՆՉՊԻՍԻ՞ ՎԵՐԱԲԵՐՈՒՄ ՑՈՅՑ ՏԱԼ ԱՆՉԱՓԱՀԱՍՆԵՐՈՒ ՍԵՌԱՅԻՆ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ» ՆԻՒԹՈՎ

December 23, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան » ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին , չորեքշաբթի 21 դեկտեմբեր 2011-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին  մէջ տեղի ունեցաւ այս տարուան` շարքի վերջին դասախօսութիւնը «ինչպիսի՞ վերաբերում ցոյց տալ անչափահասներու սեռային հարցումներուն» նիւթով: Օրուան դասախօսն էր հոգեբան-հոգեբուժ Նաթալի Տէր Սահակեան-Այվազեան:

Բացման խօսքը առողջապահական յանձնախումբին կողմէ արտասանեց Շաքէ Բարմաքսըզեան: Ան ներկայացնելէ ետք օրուան դասախօսն ու դասախօսութեան նիւթը, փոխանցեց յաջորդական քանի մը անհրաժեշտ մտածումներ, որոնք կարելի է ամփոփել հետեւեալ ձեւով, սեռային դաստիարակութիւն ստանալը նախաքայլ մըն է սկսելու կեանքը եւ հասնելու չափահաս տարիքի, անհրաժեշտ է, որ ծնողները երկխօսութեան ճամբով փորձեն սեռային գիտելիքները փոխանցել իրենց զաւակներուն, չվիրաւորելով անոնց ամօթխածութիւնը: Վերջապէս, ծնողք-զաւակ փոխադարձ վստահութիւնը կը ստեղծէ այն մթնոլորտը, որ մանուկը, հետագային` պատանին, կ՛ունենայ հաստատ, հանգիստ սեռային աճման ընթացք մը:

Նաթալի Տէր Սահակեան-Այվազեան պատասխանելով շարք մը հարցումներու, զորս հաւաքած էր իր կատարած ուսումնասիրութեան ընթացքին, ներկայացուց դասախօսութիւնը:

1- Ինչպէ՞ս զրուզել երեխաներուն հետ սեռային հարցերու մասին: Լաւագոյն շրջանը սեռային հարցերու մասին, խօսելու մանուկներու հետ մանկութեան շրջանն է:

Այս բաժինով դասախօսը թուեց շարք մը խրատներ:

ա- Փորձեցէք լայնախոհ ըլլալ եւ մատչելի, երբ երեխան կ՛ուզէ խօսիլ:
բ- Զրոյցները սկսեցէք յարմար պահերուն:
գ- Թոյլ մի՛ տաք, որ վախը ազդէ ձեր խօսելու եղանակին վրայ:
դ- Դուք եղէք ձեր զաւակներուն հիմնական դաստիարակը` սեռային հարցերու շուրջ:
ե- Պէտք է վստահեցնել ձեր զաւակներուն, թէ իրենց մտածումները բնական են:
զ- Անհրաժեշտ է լաւ հասկնաք դուք ձեզ, եւ եթէ սրբագրելու կարիքը կայ, անպայման կատարեցէ՛ք:

2- Ինչո՞ւ երեխաները պէտք է գիտնան սեռային հարցերու մասին:

ա- Սեռային հարցերը ըմբռնելը կ՛օգնէ երեխաներուն, որպէսզի լաւապէս վարուին իրենց զգացումներուն հետ:
բ- Անիկա կ՛օգնէ երեխաներուն, որ լաւապէս ստանձնեն կեանքի պատասխանատութիւնը եւ ունենան յաջող յարաբերութիւններ:
գ- Ինչպէս նաեւ կ՛օգնէ երեխաներուն պաշտպանուելու սեռային չարաշահումներէ:

Տունը յարմարագոյն վայրն է ստանալու սեռային դաստիարակութիւն:

3-Ե՞րբ է յարմար ժամանակը երեխաներուն հետ սեռային հարցերու մասին խօսելու:

Մենք` իբրեւ ծնողներ, մեր խօսքերն ու վարուելակերպը օրինակ կը դառնան երեխաներուն սորվելու, թէ ինչպէս մտածելն եւ զգալն իրենց մարմինները:

4- Ինչպէ՞ս սկսիլ զրոյց մը սեռային հարցերու մասին: Ուշադրութիւն դարձնելով կրնանք գտնել տարբեր առիթներ, կրնանք ստեղծել միջոցներ` մեր զաւակներուն հետ խօսելու սեռային հարցերու մասին: Այս բաժինով կարելի է նկատի ունենալ նախասիրած պատկերասփիւռի յայտագիր մը, կամ երբ հարազատ, կամ դրացի տիկին մը կը յղանայ:

5- Արդեօ՞ք խօսելով սեռային արարքներու մասին քաջալերած կ՛ըլլամ, որ անոնք դիմեն նմանօրինակ արարքներու:

Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ սեռային դաստիարակութիւնը չ՛առաջնորդեր սեռային արարքներու` գործունէութեան, այլ կ՛առաջնորդէ ապահով եւ դրական գործընթացի` սեռային դաստիարակութեան մէջ:

Վերջապէս, պէտք չէ մեր զաւակները նկատել շատ փոքր` հասկնալու այս բոլորը: Ներկայ 21-րդ դարու պայմանները , համացանցը, ճիշդ ու սխալ գիտելիքներով կ՛ուղղեն մեր զաւակները, հետեւաբար մենք` իբրեւ ծնողներ կանուխ շրջանին սկսելով սեռային դաստիարակութիւնը, կ՛օգնենք մեր զաւակներու ընտրելու ճիշդն ու սխալը:

6- Ին՞չ տարողութեամբ ու հերթականութեամբ պէտք է խօսիլ – փոխանցել  վերոյիշեալ գիտելիքները: Այս հարցը կախեալ է երեխայի տարիքէն, հասունութենէն եւ գիտելիքներէն, նաեւ անձնական-հաւաքական արժէքներէն: Ձեր պատասխանները պէտք է ըլլան ձեր երեխաներու տարիքին յարմար եւ ձեր դատողութիւնը պէտք է ըլլայ ձեր լաւագոյն ուղղեցոյցը:

7- Որո՞նք են զրոյցի սկսելու կարգ մը միջոցները: Յաճախ ձեր երեխային կողմէ հարցում մը հարցնելը լաւագոյն միջոցն է զրոյցը սկսելու:

Յաջորդ բաժինով դասախօսը ներկայացուց տարբեր տարիքային հանգրուաններու այն գիտելիքները, որոնք կենսական են:

Հինգ տարեկան երեխաները:

ա- Թէ սէրը ապահովութեան եւ բարձր տրամադրութեան զգացումներ կը յառաջացնէ:
բ- Մարդոց մարմինները ունին տարբեր չափեր, ձեւեր եւ գոյներ
գ- Թէ ինչպէ՞ս տարբեր են աղջիկներու եւ տղոց մարմինները
դ- Մարմնի իւրաքանչիւր անդամի անունը
ե- ինչպէս նորածինը կը կազմուի եւ դուրս կուգայ կնոջ մարմինէն
զ- Թէ ինչպէս «ոչ» ըսել անբաղձալի հպումներուն:

5-7 տարեկան երեխաներ:

ա- Թէ բոլոր էակները կրնան բազմանալ:
բ- Թէ բոլոր մարդիկ, ծնողներ, մեծ հայրեր ու մայրեր, ունեցած են սեռային կեանք:
գ- Թէ մարդիկ կ՛ապրին սեռային հաճոյքը տարբեր եղանակներով
դ- Ամէն մարդ ունի սեռային երազներ եւ մտածումներ եւ այդ մէկը բնական է:
ե- Հիմնական տեղեկութիւններ ունենալ սեռային ճամբով փոխանցուող հիւանդութիւններու մասին:
զ- Ինչպէ՞ս ճանչնալ եւ ինքզինք պաշտպանել հաւանական սեռային չարաշահութենէ եւ անոր վտանգներէն:

8-12 տարեկան պատանիներ:

ա-Ինչպէ՞ս իգական եւ արական մարմինները կ՛աճին եւ կը զանազանուին:
բ- Հանգիստ զգալ փոփոխութեան ենթարկուող իրենց մարմիններուն հետ:
գ- Ին՞չ է դաշտանը եւ ին՞չ է թաց երազը:
դ- Ինչպէ՞ս հոգ տանիլ առողջութեան դաշտանի ընթացքին:

Աւարտին դասախօս Նաթալի Տէր Սահակեան-Այվազեան օրինակներով ու լուսաբանութիւններով պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

Յիշեցնենք, որ այս հանգրուանի դասախօսական շարքի աւարտին ներկաները ստացան հաստատագիրներ իբրեւ գնահատանք, ինչպէս նաեւ անվճար կատարելու համար «ապակեայ» քննութիւն ու կուրծքի քաղցկեղի նախազգուշական քննութիւն:

Յունուար 2012-ին դասախօսութիւնները տեղի պիտի ունենան Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակոյթային կեդրոնին մէջ: Առողջապահական դասախօսութիւններու 4-րդ հանգրուանը պիտի սկսի 1 փետրուարին` «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ:

Նախորդը

«ԱՅՍ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՎՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՉԷՐ, ԱՅԼ ՊԱՏՄԱԿԱՆ, ՈՐ ՅԱՒԵՐԺ ՊԻՏԻ ՄՆԱՅ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ» ԸՍԱՒ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Յաջորդը

ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ. ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ` ՍՕՍԻ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ «ԵՒ ԿԵԱՆՔԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ» ՖՐԱՆՍԵՐԷՆ ԳԻՐՔԻՆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.