Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբին Հիւրախաղերը Հայաստանի Մէջ

Յուլիս 6, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յունիս 10-13 Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը հիւրախաղերով ներկայացաւ հայաստանեան հանդիսատեսին` ամերիկացի թատերագիր Նիլ Սայմընի «Տը կուտ տաքթըր» կատակերգութեամբ, Յակոբ Տէր Ղուկասեանի բեմադրութեամբ:

«Տը կուտ տաքթըր»-ը ներկայացուեցաւ Գիւմրիի (Վ. Աճեմեանի անուան պետական տրամաթիքական թատրոն), Վանաձորի (Յովհ. Աբելեանի անուան պետական դրամատիկական թատրոն) եւ Երեւանի մէջ (Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային պետական թատրոն):

Այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը շատ  կարեւոր կը նկատէ հայաստանեան թատերախումբերու հետ համագործակցութիւնը` վստահ ըլլալով, որ այսօրինակ կապերու ձեւաւորումը աշխուժութիւն կը մտցնէ եւ նորանոր նախաձեռնութիւններու հիմք կը հանդիսանայ Հայաստանի եւ սփիւռքի թատերախումբերու միջեւ:

Այս գործակցութեան նպատակն է, առիթ տալ հայաստանեան խումբերու  սփիւռքի մէջ  իրենց տաղանդը բացայայտելու. հարկ է, որ սփիւռքի գաղութները հայրենի թատերական խումբերուն համար թատերական շուկայ ստեղծեն, որպէսզի անոնց թէ՛ տնտեսական,  թէ՛ մշակութային հնարաւորութիւնները զարգանան:

Բնական է, որ այս փոխադարձ գործակցութեամբ   լիբանանահայ թատրոնը եւ հանդիսատեսը հարստանան որակաւոր ու այլ ճաշակի թատրոններ դիտելով եւ իրենց թատերական հանդիսատեսի մակարդակը բարձրացնելով: Այս երեւոյթը կը նպաստէ նաեւ  հայրենի եւ լիբանանահայ դերասաններու բարեկամական կապերու ստեղծման:

Թատերական համագործակցութեան զարկ տալու համար «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի հայաստանեան ելոյթներուն ընթացքին դերով բեմ բարձրացաւ Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային պետական թատրոնի տնօրէն Արման Նաւասարդեանը:

«Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան ատենապետ Մարտիկ Տեմիրճեան, կարեւոր նկատելով հայաստանեան թատերախումբերու հետ համագործակցութեան ընդլայնումը, յոյս յայտնեց, որ հետագային համագործակցութեան շրջանակը կ՛ընդլայնի` ներառելով հայաստանեան միւս առաջատար թատրոնները նոյնպէս: Ըստ անոր, պէտք է բարձրաձայնել, որ Հայաստանի երեք թատրոններն ալ իրենց դերասանական կազմերով եւ վարչական պատասխանատուներով  մեծ հոգատարութիւն ցուցաբերած են «Գ. Իփէկեան» թատերախումբին նկատմամբ:  Շնորհիւ հիւրախաղերուն` հայրենի հանդիսատեսին համար արդէն ծանօթ անուն է Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբին անունը: Մարտիկ Տեմիրճեանը «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց «հայաստանեան բոլոր լրատու աղբիւրներուն եւ հեռատեսիլի կայաններուն, որոնք օրը օրին հետեւեցան Համազգայինի «Գ. Իփէկեան»-ի ներկայացումներուն. ըստ անոր, աւելի խիստ հանդիսատեսին դիմաց ներկայացում տալը կը մղէ աւելի լաւ կատարել աշխատանքը: «Գ. Իփէկեան» թատերախումբը սիրողական թատրոն է, բայց թատրոն դիտողները եւ յատկապէս գիւմրեցի հանդիսատեսը այտայայտուած են, որ սիրողականի մակարդակը արդէն նուաճուած է:

Գիւմրիի, Վանաձորի եւ Երեւանի մէջ թատերախումբին յանձնուեցան պատուոյ գիրեր, շնորհակալագիրներ` ի նշան սփիւռքի մէջ հայ մշակոյթի զարգացման եւ հայապահպանութեան գործին մէջ խումբին ունեցած մեծ աւանդի համար: Երեւանի մէջ ներկայացման ներկայ եղած է նաեւ մշակոյթի նախարարի տեղակալ Արա Խզմալեանը, որուն շնորհակալ է «Գ. Իփէկեան» թատերախումբը:

Հայաստանեան ներկայացումները ամէնուր ընդունուեցան մեծ խանդավառութեամբ` արժանանալով հանդիսականներու բարձր գնահատականին:

Երեւանի մէջ Լիբանանի դեսպան Մայա Տաղերին հրաւէրով, թատերախումբի բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանը եւ վարչութեան ատենապետ Մարտիկ Տեմիրճեանը հանդիպում մը ունեցած են անոր հետ: Դեսպանը մեծ ուրախութեամբ ընդունած եւ յարգանք ցուցաբերած է անոնց հանդէպ` որպէս լիբանանցի քաղաքացիներու: Ան քաջալերած է «Գ. Իփէկեան»-ի ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ եւ` ապագայի հեռանկարով գործակցութեան առիթներ ստեղծելու մասին խօսած:

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Բառերու Գանձարանին Մէջ. Ձախ Ու Ցախ, Ձախլիկներ Եւ Ձախակողմեաններ

Յաջորդը

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճի 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէս Ու Վկայականաց Բաշխում

RelatedPosts

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէին` Գարեգին Նժդեհի Կիսանդրիի Բացում
Անդրադարձ

Մենք Պէտք Է Յաջողինք Վերստին Հրապարակ Բերել Հայու Նժդեհի Հաւատացած Տեսակը*

Յուլիս 15, 2025
Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ
Անդրադարձ

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ

Յուլիս 14, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Լուրջ… Երգիծանք. Ուղեղի Բորբոսը Դարմանելու Ձեւ Կա՞յ

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?