Համազգայինի «Կարկաչ» մանկական երգչախումբը հինգշաբթի, 20 յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին համերգով մը ելոյթ ունեցաւ «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ` Աւետիս Նազարեանի մանկական երգերով` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ եւ խմբավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի եւ դաշնակահար Լիւսի Գռուզեանի:
Համազգայինի «Կարկաչ» մանկական երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Զաքար Քէշիշեան համերգին սկիզբը խօսք առնելով` նշեց, որ «Կարկաչ» երգչախումբին համար այս տարին բաւական աշխուժ տարի մը եղած է, որուն ընթացքին երգչախումբը նախ իր մասնակցութիւնը բերած է «Պէյրութ Չանթս» փառատօնին, որմէ ետք մասնակցած է Համազգայինի «Այգ» երիտասարդական երգչախումբի Սուրբ Զատկուան համերգին, ապա` ապրիլ 24-ի Մոնոյի երիտասարդական հսկումին, որմէ ետք յատուկ համերգով մը նշած է Կոմիտասի եւ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակները, ապա յատուկ համերգով մը` Լեւոն Շանթի եւ Համազգայինի 90-ամեակի նուիրուած ձեռնարկին: Ան յայտնեց, որ Աւետիս Նազարեանի ամբողջական երգերով այս համերգը կու գայ եզրափակելու այս տարին: Զաքար Քէշիշեան ըսաւ, որ ձեռնարկը կու գայ սփիւռքահայ երաժշտահաններու գործերը արժեւորելու, ապա Աւետիս Նազարեանի մասին տեղեկութիւններ տուաւ ներկաներուն. ան ըսաւ, որ Աւետիս Նազարեանը ծնած է Խարբերդ, 1930-ին, անմիջապէս տեղափոխուած է Հալէպ: Երաժշտութեան իր առաջին ուսուցիչը եղած է Բարսեղ Կանաչեանը` Հալէպի մէջ, որմէ ետք տեղափոխուելով Լիբանան` շարունակած է իր երաժշտական ուսումը, ապա մեկնած է Վենետիկ, ուր ստացած է իր բարձրագոյն երաժշտական ուսումը: Աւետիս Նազարեան ստեղծագործած է բազմաթիւ երաժշտութիւններ, որուն մէջ տեղ գտած է դասական երաժշտութիւնը: Զաքար Քէշիշեան նշեց, որ Աւետիս Նազարեան իր գործերուն մէջ չէ մոռցած նաեւ մանուկները, որոնց համար երկու տասնեակ երաժշտութիւն մշակած է:
Իր խօսքի աւարտին երգչախումբի գեղարուեստական խմբավարն ու ղեկավարը նշեց նաեւ, որ այս տարեսկիզբին, համերգի առաջին երգի` «Մատնոցիկ»-ի ուսուցման ընթացքին նոյն ժամանակ Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցած է Աւետիս Նազարեանի յուղարկաւորութիւնը:
Երգչախումբի 28 անդամները իւրայատուկ ձեւով ժողովուրդին հրամցուցին հայկական ժողովրդական 17 երգեր, որոնք արժանացան ներկաներուն բուռն ծափահարութիւններուն: