Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Նոր Է՞ջ, Նոր Աւի՞շ… Թէ՞

July 1, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ան, որ կը կորսնցնէ Պոլիսը, կը կորսնցնէ Թուրքիան»:

ՌԱՃԵՓ ԹԱՅԻՓ ԷՐՏՈՂԱՆ

Շարունակելով նոյնինքն Թուրքիոյ նախագահին հաստատումը` տեղին է հարցադրել, թէ որքա՜ն ծանր պէտք է ըլլայ այդ կորուստը, երբ երկու անգամ կը պատահի եւ այդ ալ` հազիւ քանի մը ամսուան տարբերութեամբ: Իսկ երբ երկրորդ պարտութիւնը, համեմատած առաջինին, քուէներու շատ աւելի բարձր տարբերութեամբ տեղի ունեցած է, այդ պարագային Էրտողանի վերոյիշեալ կարճ հաստատումը գործնական դարձած է՜ արդէն խոր արմատներ նետելով:

Ո՛չ արդարութեան եւ ո՛չ ալ բարգաւաճման ձեռք երկարելով եւ նեցուկ կանգնելով` կիրակի, յունիս 23-ին Պոլսոյ բնակչութեան 54 առ հարիւրը պարտութեան մատնեց Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնն ու անոր թեկնածու Պինալի Եըլտըրըմը, որ քուէներուն հազիւ 45 առ հարիւրը ստացաւ:

Էրտողանի մօտիկ գործակիցներէն եւ ընտրարշաւին մասնակցողներէն շատեր մօտենալով սուլթանին` փսփսացին, որ` «Սխալ գործեցինք: Երանի մարտ 31-ի արդիւնքը վաւերացուած նկատէինք, քան թէ` նմանօրինակ լայն պարտութիւն»:

Գործի լծելով բոլոր լծակները` Էրտողանի ընտրական մեքենան չկրցաւ մոգական գաւազանով մը շրջել կացութիւնը:

Դիմացի կողմը հետզհետէ սկսած էր համախմբուիլ եւ կազմել շատ աւելի զօրաւոր եւ ազդեցիկ գործօն մը: Ասոր ցայտուն օրինակը եղաւ, երբ քուէարկութիւնը վերստին կատարելու որոշումը հազիւ առնուած էր, Թուրքիոյ Ժողովրդավարական ձախ կուսակցութեան թեկնածու Մուամեր Այտընի իր թեկնածութիւնը յետս կոչեց, քայլ մը, որ ուղղակիօրէն նպաստած էր Իմամօղլուի: Այսպէս, փոքրամասնութիւններն ու մանաւանդ քրտական գործօնը իրենց դրական դերը խաղացին ի նպաստ ընդդիմադիր Ժողովուրդի հանրապետական կուսակցութեան  թեկնածուին:

Արդարեւ, քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավարութիւնը ընտրութեան վերջին օրերուն յայտարարած էր ընդդիմադիր Էքրեմ Իմամօղլուին սատարելու մասին: Սոյն կուսակցութեան հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան արդի առցանցային միջոցներով կոչ ուղղած էր` ուղղուելու քուէատուփ եւ քուէարկելու Իմամօղլուին, հաստատելով, որ` «Եկէ՛ք` քուէներու տարբերութիւնը հասցնենք ամէնէն քիչը մէկ միլիոնի»:

Նոյնանման յայտարարութիւններ ունեցաւ Իմամօղլուի կուսակցութեան անդամ եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի նախկին երեսփոխան Սելինա Տողանը, որ Պոլսոյ հայաշատ Շիշլի թաղամասի աւագանիի անդամ է եւ այդ գծով բաւական պայքար մղած է շրջանի բնակիչները հրահրելու, որպէսզի ուղղուին քուէարկութեան կեդրոններ:

Պոլսեցիին համար մարտ 31-ին ծիլ առած եւ յունիս 23-ին ծաղկած յեղաշրջումը մեծ յոյսերու դուռ բացած է, իսկ պոլսահայը ի՞նչ կ՛ակնկալէ այս իրադարձութենէն:

Արձանագրած յաղթանակէն ժամեր ետք Իմամօղլու յայտարարեց, որ պէտք է յարգանքով վերաբերիլ հայերուն, յոյներուն, ասորիներուն, հրեաներուն եւ մնացեալ բոլոր ազգութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, շեշտելով, որ Պոլսոյ բոլոր բնակիչները անկախ իրենց ազգային պատկանելիութենէն` պէտք է հաւասար իրաւունքներ ունենան:

Այս բոլորին լոյսին տակ, նոր է՞ջ, նոր աւի՞շ… թէ՞ պարզապէս հայորդիին համար չարեաց փոքրագոյնն է, որ ձեռք առած է Պոլսոյ բանալին:

Նախորդը

Ազրպէյճանական Սպառնական Ոճի Շեշտադրում` Ուաշինկթընի Բանակցութիւններէն Ետք

Յաջորդը

Ակնարկ. Պոլիսէն Երկրորդ Ուժեղ Ապտակ` Էրտողանի, Եւ Մենք

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.