Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի՞նչ Պատահեցաւ Իսրայէլի Աշխատաւորական Կուսակցութեան

Յունիս 25, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Քաղաքական իրադարձութեանց հետեւող ոեւէ անհատ, անկախ իր նախասիրութիւններէն կամ ուսումնական մակարդակէն (քաղաքական գիտութեանց մասնագէտ թէ ոչ), քիչ թէ շատ ծանօթ կ՛ըլլայ իւրաքանչիւր պետութեան մէջ գործող գլխաւոր կուսակցութեանց. բոլորն ալ, եւ մանաւանդ նախորդ սերունդին պատկանող մարդիկ, որոնք ապրեցան նախորդ դարու 50-ական թուականներէն մինչեւ 90-ականներու վերջաւորութիւնը, ծանօթ են Իսրայէլի Աշխատաւորական կուսակցութեան:

Աշխատաւորականները Պաղեստինի մէջ բրիտանական հովանաւորութեան (1930-1968 թուականներուն կուսակցութեան անունն էր Իսրայէլեան հողի բանուորներու կուսակցութիւն, որ հետագային միանալով այլ կեդրոն-ձախ կուսակցութիւններու հետ` կոչուեցաւ ներկայ անունով) օրէն իսկ դարձած էին հրէական համայնքի տէրն ու տիրականը:

ժամանակակից իսրայէլեան պետութեան հիմնադրութենէն մինչեւ 1999` աշխատաւորականները գլխաւոր կուսակցութիւն էին իսրայէլեան հասարակութեան մէջ: 1948-էն մինչեւ 1977, 1984-1986, 1992-1996 եւ 1999-2001 անոնք եղած են իշխանութեան գլուխ, ապա յիշեալ տարիներուն միջեւ ինկած թուականներուն եղած են գլխաւոր ընդդիմադիր ուժ:

Դաւանելով ընկերվար-ժողովրդավարութեան գաղափարախօսութիւնը եւ դասելով ինքզինք իբրեւ կեդրոն-ձախ կուսակցութիւն` Իսրայէլի Աշխատաւորական կուսակցութիւնը կը վայելէր աշխարհիկ քաղաքացիներու, արհեստակցական միութիւններու անդամներու, համագործակցային գիւղացիներու եւ ազգային փոքրամասնութիւններու համակրանքը` 1949-էն մինչեւ 2001 իր օգտին քուէարկողներու առնուազն 20 տոկոս ապահովելով:

2019-ի Քնեսեթի ընտրութիւններուն ընթացքին, հրապարակուած տուեալներուն համաձայն, աշխատաւորականները կը պայքարէին երրորդ կամ չորրորդ դիրքը գրաւելու եւ ոչ թէ գլխաւոր ուժ դառնալու համար, իսկ ընտրութիւններուն արդիւնքները ցոյց տուին, որ Աշխատաւորական կուսակցութիւնը շահեցաւ քուէարկողներուն միայն 4,46 առ հարիւրին համակրանքը:

1999-էն սկսեալ աշխատաւորականներու նահանջին պատճառները սերտելու համար նկատի պէտք է առնել վերջին 20 տարիներուն ընթացքին կուսակցութեան վարած քաղաքականութիւնները, որոնց հիման վրայ ի յայտ կու գան հետեւեալ նկատողութիւնները.

Ա.- Էհուտ Պարաքի ղեկավարութեան օրերուն Աշխատաւորական կուսակցութիւնը որդեգրեց կեդրոնամէտ դիրքորոշում կամ, այսպէս կոչուած, Երրորդ ուղին` որդեգրելով տնտեսական ազատական քաղաքականութիւն: Այսպիսով, հեռացուց Աշխատաւորական կուսակցութիւնը իր բնական համակիր զանգուածէն` բանուոր դասակարգէն:

Բ.- Նոյն` Երրորդ ուղիի հովանիին տակ աշխատաւորականները ընտրական միացեալ դաշինք կազմեցին կրօնամէտ Հրէական պետութիւն, ժողովրդավար պետութիւն կուսակցութեան հետ, 1999-2006: Քայլ մը, որ հարցականի տակ դրաւ աշխատաւորականներու աշխարհիկ էութիւնը: Այսպիսով, աշխարհիկ քուէարկողը նախընտրեց նորաստեղծ կեդրոնամէտ-ազատական կուսակցութիւնները (2006-ին ու 2009-ին` Քատիման, իսկ 2019-ին` «Կապոյտ եւ սպիտակ»-ը, իբրեւ օրինակներ), որոնք համարձակօրէն կը պաշտպանեն աշխարհիկ արժէքները, աւելի քան` պատմականօրէն աշխարհիկ արմատներ ունեցող Աշխատաւորական կուսակցութիւնը:

Գ.- 1980-ական եւ 1990-ական թուականներուն աշխատաւորականները խաղաղութեան հոլովոյթին ողնայարը դարձած էին եւ որոշ ժամանակ մը կ՛անուանուէին «Խաղաղութիւն հիմա»-ի (խաղաղապաշտ ոչ կառավարական կազմակերպութիւն) բանբերները: Իցհաք Ռապինի կառավարման ժամանակաշրջանի (1992 – 1995) խաղաղութեան խանդավառութիւնը վառ չպահուեցաւ Պարաքի ժամանակաշրջանին, երբ ան կը խօսէր, այսպէս կոչուած, «Մեծն Իսրայէլ»-ի մասին եւ բացասականօրէն կ՛անդրադառնար պաղեստինեան-իսրայէլեան հոլովոյթին: Ոչ խաղաղապաշտ եւ միեւնոյն ժամանակ Արեւելեան Երուսաղէմի վրայ իսրայէլեան գերիշխանութիւնը յայտարարող խօսքերն ու յայտարարութիւնները Աշխատաւորական կուսակցութենէն հեռացուցին խաղաղապաշտ հրեայ եւ արաբ քուէարկողները: Առաջինները նախընտրեցին ձախակողմեան փոքր կուսակցութիւններ, իսկ վերջինները` արաբ ազգայնական ուժեր:

Աշխատաւորական կուսակցութեան արձանագրած նահանջին հիմնական պատճառները սերտելով` պիտի տեսնենք, որ իսրայէլեան Աշխատաւորական կուսակցութիւնը հեռու չէ եւրոպական ցամաքամասին մէջ գտնուող ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւններուն ժողովրդականութիւն կորսնցնելու ազդակէն` կեդրոնամէտութենէն:

Նախորդը

Աշխարհ Հայաստանի Ուխտաւոր` Վաղուան Համար (30 Մայիս-6 Յունիս 2019)

Յաջորդը

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?