ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Յոգնեցուցիչ մթնոլորտի մը մէջ պիտի ըլլաք: Աշխատեցէք հանդարտ մնալ: Ամսուան դժուար օրերէն մէկն է: Նիւթական դժուարութիւն պիտի ունենաք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Աշխատանքային եւ ընկերային նոր շրջան մը պիտի սկսիք: Ճնշող ժամանակաշրջան մըն է: Ժառանգութեան կապուած հարց մը պիտի ունենաք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Ընտանիքի անդամներէն մէկուն հարցով նիւթեր պիտի քննարկէք եւ արդիւնքի պիտի հասնիք: Յստակ եղէք ձեր խօսակցութեան մէջ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Նիւթական դժուարութեան մէջ պիտի գտնուիք: Ուշադիր եղէք, որպէսզի չձախողիք: Աշխատեցէք հասնիլ լուծումի` առանց յամառութիւն ընելու:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Ճամբորդութիւն մը կամ սիրային արկածախնդրութիւն մը պիտի ունենաք, եթէ ամուսնացած չէք: Ամսուան ամէնէն ուրախ եւ հանգիստ օրերէն մէկն է:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Կեդրոնացէք ձեր նիւթական վիճակին վրայ: Վերատեսութեան ենթարկեցէք նախապէս տուած ձեր որոշումները: Ձեր յոյսերը ի դերեւ պիտի չելլեն:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Մարզական ոգիով մօտեցէք բոլոր հարցերուն: Ստուգեցէք ամէն բան, նախքան գործի անցնիլը: Նիւթական վարձատրութիւն մը պիտի ստանանք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ձեր երազներէն մէկը իրականութիւն պիտի դառնայ: Ձեր շրջապատին մէջ կատարուած ամէն բան` դրական անդրադարձ պիտի ունենայ ձեր վրայ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ձեր աշխատանքին մէջ ձանձրանալի վիճակ մը պիտի տիրէ, եւ յուսախաբ պիտի ըլլաք որոշ պատճառներու բերումով: Կառչած մի՛ մնաք ձեր կարծիքին եւ սկզբունքներուն վրայ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Բախտաւոր օր մը պիտի ունենաք: Օրը յարմար է ընտանեկան եւ ընկերային հանդիպումներ ունենալու: Ձեր մէկ ընկերոջ օգնութեամբ ձեր ամէնէն դժուար հարցը պիտի լուծէք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Ձեր առաջնահերթութիւնները կարգաւորեցէք եւ թոյլ մի՛ տաք, որ ձեզ նեղացնեն: Ժամանակը դասաւորեցէք, որպէսզի կարենաք ձեր բոլոր պարտականութիւնները կատարել:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Ձեր կայտառութիւնը պիտի վերագտնէք: Պիտի յաջողիք յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները: Շարժելու եւ յառաջ երթալու յարմար ժամանակ է:
