Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ԱՇԽԱՏԻՆ, ՈՐ ՆՄԱՆԱՏԻՊ ԲԱՆԱՁԵՒԵՐ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԻՆ ՏԱՐԲԵՐ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ» Կ՛ԸՍԷ ՔԵՆ ԽԱՉԻԿԵԱՆ

December 21, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Քեն Խաչիկեան

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան մէջ առաջին անգամ ըլլալով քննարկման դրուեցաւ բանաձեւ մը, որ կ՛անդրադառնայ քրիստոնէական, մասնաւորապէս հայկական եկեղեցիներուն, անոնց ինչքերը իրենց օրինական տէրերուն վերադարձնելուն:

13 դեկտեմբերին Ներկայացուցիչներու տան կողմէ որդեգրուած թիւ 306 բանաձեւին նպատակը Թուրքիոյ նկատմամբ ճնշում բանեցնելն է, որպէսզի վերադարձուին հայկական եւ քրիստոնէական բոլոր միւս եկեղեցիները իրենց պատմական տէրերուն, անոնց մէջ թոյլատրուին արարողութիւններ կատարել, վերցուին կրօնական խտրականութիւնները, քրիստոնեայ համայնքներուն թոյլատրուի առանց սահմանափակումներու զբաղիլ եկեղեցիներու, պաշտամունքի այլ վայրերու, դպրոցներու, հիւանդանոցներու վերակառուցման աշխատանքներով:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան կը յայտնէ, որ «մենք, անշուշտ, յոյս ունինք, որ Թուրքիա այս կոչին  հետեւի: Հակառակ պարագային` անոնք դէմ պիտի երթան ոչ միայն իրենց, այլ նաեւ` միջազգային օրէնքներուն: Բացի անկէ` յառաջիկային պիտի աշխատինք, որպէսզի աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ Հայ դատի մեր գործընկերները նմանատիպ բանաձեւեր ներկայացնեն իրենց խորհրդարաններուն մէջ»:

Բանաձեւի հեղինակներն էին հանրապետական Էտ Ռոյս եւ դեմոկրատական Հաուըրտ Պըրման: Անիկա քոնկրեսի լիագումար նիստին քննարկումի եւ քուէարկութեան դրուած էր Ներկայացուցիչներու տան մեծամասնութեան ղեկավար Էրիք Քանթորի նախաձեռնութեամբ:

«Կարեւոր այս բանաձեւը մատնացոյց կ՛ընէ Թուրքիոյ անհանգստացնող ու շարունակական անյարգալից վերաբերմունքը` Անատոլուի մէջ գտնուող քրիստոնէական ժառանգութեան նկատմամբ, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ համայնքներուն, իբրեւ իր երկրի հաւասար ու ազատ քաղաքացիներ չվերաբերելու հանգամանքը: Թուրքիա պէտք է անյապաղ քայլերու ձեռնարկէ` վերադարձնելու գրաւուած քրիստոնէական բոլոր ինչքերը, քրիստոնէական բոլոր համայնքներու ներկայացուցիչներուն թոյլ տրուի, որպէսզի ազատ կերպով դաւանին իրենց կրօնը եւ հոգեւոր կրթութիւն ստանան», կ՛ըսէ Հաուըրտ Պըրման:

Ամերիկայի թրքական լոպին, նախքան քուէարկութիւնը քայլերու ձեռնարկած էր բանաձեւի որդեգրումը տապալելու համար: Իսկ քուէարկութեան աւարտէն անմիջապէս ետք Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Նամըք Թան «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ անդրադարձած է տեղի ունեցածին: «Թիւ 306 բանաձեւը անարդար, անհիմն եւ ինքնակոչ է: Սակայն Ներկայացուցիչներու տունը զայն հաստատեց: Ո՞վ օգուտ կը քաղէ դաշնակիցներու հաշուոյն քոնկրեսին տուած որոշումէն», գրած էր ան:

Քեն Խաչիկեան կը նշէ, որ «Թուրքիոյ արձագանգը, ի տարբերութիւն նախորդ դէպքերուն, այնքան ալ կարծր չէր: Պաշտպանուելու համար որեւէ թեզ յառաջ մղելու տարբերակ չունէին: Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւին պարագային, թէեւ խղճուկ, անհիմն եւ անտրամաբանական, սակայն պաշտպանական վարկած յառաջ կը մղուէր»:

 

Նախորդը

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՍՏԱՏԵՑ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ ՎՐԱՅ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՕՐԻՆԱԳԻԾԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ԿԷՏԻՆ ՆԵՐԱՌՈՒՄԸ

Յաջորդը

ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐԻ ՆՍՏԱՇՐՋԱՆԻՆ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԵՑԱՒ 23 ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹ

RelatedPosts

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները  Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին

November 27, 2026
Հայկական Երկաթուղիի  Ռուսական Կառավարումը  Պիտի Ազդէ ԹՐԻՓՓ-ի Նախագիծին Վրայ
Հայկական

Հայկական Երկաթուղիի Ռուսական Կառավարումը Պիտի Ազդէ ԹՐԻՓՓ-ի Նախագիծին Վրայ

November 27, 2026
Իրանի Գերագոյն Հոգեւոր Պետին Խորհրդականը  Կը Զգուշացնէ «Կեղծ Ուղիներ» Օգտագործելէ
Գլխաւոր լուրեր

Իրանի Գերագոյն Հոգեւոր Պետին Խորհրդականը Կը Զգուշացնէ «Կեղծ Ուղիներ» Օգտագործելէ

November 26, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։