
Թուրքիոյ խորհրդարանի քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան Մուշէն ընտրուած երեսփոխան Սըրրը Սաքըք Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ խօսք առնելով յայտնած է, որ 1978-ի այս օրը` 19 դեկտեմբերին, Մարաշի մէջ կոտորուած են հարիւրաւոր ալեւիներ: «Կոտորելու մշակոյթը մեր մէջ շատոնց կար: 1915-ին հայերուն, ապա, հրեաներուն, քիւրտերուն դէմ կոտորած իրագործուած է», շեշտած է Սաքըք: Անոր խօսքերը խորհրդարանին մէջ մեծ իրարանցում յառաջացուցած են:
Երեսփոխանները Սաքըքին կոչ ուղղած են 1915-ը չանուանելու կոտորած եւ ետ քաշելու իր խօսքը, սակայն Սաքըք պատասխանած է, որ պէտք է պատմութիւնը գիտնալ եւ դիմակայել զայն:


