Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆ ՊՐԱՅԶԱՆ ՇՈՒՐՋ ՄԷԿ ԱՄԻՍ ԵՏՔ ՍՏԻՊՈՒԱԾ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ՏՈՒՆ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼ» ԿԸ ԳՐԷ «ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ»

December 21, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մեթիու Պրայզա

Ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթի յօդուածագիր Ֆրետ Հայաթ կը գրէ, որ «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ մէկ տարի առաջ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին վրայ նշանակուած բարձրաստիճան դիւանագէտ Մեթիու Պրայզա նուազ քան մէկ ամիս ետք ստիպուած պիտի ըլլայ տուն վերադառնալ»:

Ան կ՛աւելցնէ, որ Պրայզայի թեկնածութեան հաստատման ձախողումը վառ օրինակ է այն բանին, որ ամերիկեան ազգային շահերը ինչպէ՛ս կրնան սեփական շահերու եւ քաղաքական խորամանկ քայլերու զոհ դառնալ:

«Այդ պատմութիւնը չսկսաւ քարիւղով հարուստ, զարգացած արդիւնաբերութիւն ունեցող, Կասպից ծովու ափերուն գտնուող նախկին խորհրդային երկիր Ազրպէյճանի մէջ, որ ութ միլիոն բնակչութիւն ունի: Պատմութիւնը կապուած է անոր դրացիին, մշտնջենական թշնամի, քարիւղով աղքատ, քրիստոնեայ երկիր Հայաստանի հետ (բնակչութիւնը` երեք միլիոն)», կը գրէ յօդուածագիրը` շեշտելով, որ այսպէս կոչուած «պաղ խաղաղութիւնը» Հայաստանի համար ալ աւելի խորացուցած է «դէպի ծով ելքի բացակայութեան հետեւանքները եւ Հայաստանը ձգած է Վլատիմիր Փութինի Ռուսիոյ ոչ այնքան նուրբ ձեռքերուն մէջ»:

Հայաթ կը նշէ, որ Պրայզայի թեկնածութեան հաստատման ձախողման գործին մէջ մեծ եղած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի եւ հայամէտ քոնկրեսականներ Պարպարա Պոքսըրի ու Ռոպըրթ Մենենտեսի դերը, որոնք իբրեւ թէ նկատել տուած են, որ «Պրայզայի թշնամանքը Հայաստանի թշնամի Ազրպէյճանի նկատմամբ բաւարար չէ»:

«Երբ նախագահ Օպամա 2010-ին առաջին անգամ առաջադրեց Պրայզայի թեկնածութիւնը, Պոքսըր եւ Մենենտես յետաձգեցին անոր նշանակումը` արգելակելով ծերակոյտին մէջ այդ հարցին քուէարկութիւնը® Երկու դեմոկրատականները հետագային ալ շարունակեցին Պրայզայի նշանակման դէմ արտայայտուիլ` անտեսելով անոր մասնագիտական որակները: Մենենտես, իբրեւ Պրայզայի դէմ փաստարկ, յառաջ քշեց այն, որ անիկա դէմ է Միացեալ Նահանգներու կողմէ` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, իսկ Պոքսըր` այն, թէ ան համոզիչ կերպով չի խօսիր Ազրպէյճանի կատարած յարձակումին մասին, իսկ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը` թէ Պրայզայի կինը թրքական արմատներ ունի, ինչպէս նաեւ արտաքին քաղաքականութեան փորձագէտ է», նշուած է յօդուածին մէջ:

Չհամաձայնելով վերոնշեալ փաստարկներուն հետ` Հայաթ կը գրէ, որ Պրայզա մեծ ներդրում ունեցած է Ազրպէյճանի վարչակարգին եւ քաղաքացիական հասարակութեան միջեւ երկխօսութեան կայացման գործին մէջ: «Ան (Պրայզան) նաեւ կը նպաստէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման: Եթէ Ազրպէյճան տեսնէ, որ հայկական լոպին եւ հարիւր ծերակուտականներէն երկուքը արգելակման ուժ ունին, ապա քիչ հաւանական է, որ պիտի հաւատան յաջորդ դեսպանի չէզոք դիրքորոշման», կը գրէ Հայաթ` ընդգծելով, որ իբրեւ արդիւնք մեծագոյն կորուստը պիտի կրեն ոչ թէ ամերիկացիները կամ ազրպէյճանցիները, այլ` հայերը:

«Այս բոլորին իբրեւ արդիւնք մեծագոյն կորուստը պիտի կրեն ոչ թէ ամերիկացիներն ու ազրպէյճանցիները (Ազրպէյճանի մէջ մէկ անձի բաժին ինկող եկամուտը երկու անգամով կը գերազանցէ Հայաստանի մէջ մէկ անձի բաժին ինկող եկամուտի չափին), այլ` Հայաստանի աղքատ ու մեկուսացուած ժողովուրդը, որ անգամ մը եւս պիտի դառնայ քաղաքական խաղի զոհ, ինչ որ սակայն որեւէ ձեւով պիտի չազդէ անոր բարեկեցութեան վրայ», կ՛եզրափակէ յօդուածագիրը:

 

Նախորդը

ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՍԷՅԻՏ ՆԱՍՐԱԼԼԱՅԻ

Յաջորդը

ՔԻՒՐՏ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ. «ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԿՈՏՈՐԵԼՈՒ ՄՇԱԿՈՅԹ ԿԱՅ»

RelatedPosts

Փեսքով. «Փութինը Եւ Փաշինեանը  Պիտի Քննարկեն Հայաստանի Եւրոպական  Ձգտումներու Եւ Ռազմակայանի Հարցերը»
Հայկական

Փեսքով. «Փութինը Եւ Փաշինեանը Պիտի Քննարկեն Հայաստանի Եւրոպական Ձգտումներու Եւ Ռազմակայանի Հարցերը»

November 28, 2026
Զախարովա. «ԹՐԻՓՓ-ի Իրագործման  Ժամանակ Պէտք Է Հաշուի Առնուին  Ռուսիոյ Եւ Իրանի Շահերը»
Գլխաւոր լուրեր

Զախարովա. «ԹՐԻՓՓ-ի Իրագործման Ժամանակ Պէտք Է Հաշուի Առնուին Ռուսիոյ Եւ Իրանի Շահերը»

November 28, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները  Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին

November 27, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։