Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՍՈՒՐԻՈՅ ԿՈՂՄԷ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ՈՂՋՈՒՆՈՂ ԿԵՑՈՒԱԾՔՆԵՐԸ ԿԸ ՑՈԼԱՑՆԵՆ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԴԻՐՔՈՐՈՇՄԱՆ ՃՇԳՐՏՈՒԹԻՒՆԸ» ՀԱՍՏԱՏԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ

December 21, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Սլէյման եւ նախարար Խուրի

Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպանը Ապտալլա Ապտալլան ընդունելով` նախագահ զօր. Միշել Սլէյման դիտել տուաւ, որ արաբական աշխարհին վիճակը շուտափոյթ լուծման կը կարօտի, ինչպէս նաեւ Արաբական լիկան այս գծով դերակատարութիւն պէտք է ունենայ: Անդրադառնալով Արաբական լիկային եւ Սուրիոյ միջեւ արձանագրութեան ստորագրութեան վերաբերող տեղական ու շրջանային կեցուածքներուն` ան դիտել տուաւ, որ անոնք կ՛արտացոլեն ճշգրտութիւնը լիբանանեան պաշտօնական կեցուածքին, որ որդեգրուեցաւ լիկային եւ ՄԱԿ-ի մէջ: Ան դիտել տուաւ, որ այս կեցուածքներուն ընդմէջէն Լիբանան յատուկ կերպով լուսարձակի տակ կ՛առնէր Արաբական լիկային դերակատարութեան անհրաժեշտութիւնը` պահպանելու արաբական միասնականութիւնը, ինչպէս նաեւ արաբական աշխարհի ապահովութեան հսկելու եւ ժողովրդավարութեան ճշգրիտ կերպով կիրարկումը երաշխաւորելու:

Նախագահ Սլէյման դիտել տուաւ, որ վարչակարգերը եւս պէտք է որդեգրեն երկխօսութեան քաղաքականութիւնը ընկերութեան տարբեր շերտերուն հետ, որպէսզի յարգուի ժողովրդավարական կարգը, իշխանափոխութիւն տեղի ունենայ եւ բոլորին ազատութիւնը նկատի առնուի: Ըստ անոր, այս բոլորը պիտի ծառայեն արաբական առաջին դատին` պաղեստինեան դատին լուծումին, որպէսզի նաեւ կարելի ըլլայ արգիլել Իսրայէլը Երուսաղէմն ու շրջակայքը հրէացնելէ` օգտագործելով արաբական աշխարհին մէջ տիրող լարուած կացութիւնը: Ան հաստատեց, որ արաբական մեծագոյն պահանջներէն մէկը եղաւ այդ կացութեան վերջ մը դնելն ու համապատասխան լուծումներ գտնելը:

Հանրապետութեան նախագահը ընդունեց նաեւ կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրին եւ կրթութեան ու բարձրագոյն ուսման նախարար Հասսան Տիապը, որոնց հետ քննարկեց առկայ խնդիրներն ու իւրաքանչիւրին կողմէ առնուած քայլերը` զոյգ նախարարութիւններուն գործունէութեան թափ տալու:

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմին հետ տեսակցելով` հանրապետութեան նախագահը իրազեկ դարձաւ տիրող ապահովական կացութեան մասին, յատկապէս ինչ կը վերաբերի ցամաքային, ծովային եւ օդային սահմաններուն: Ան նաեւ տեղեկացաւ ապահովական ընդհանուր կացութեան եւ այս մարզին անհրաժեշտութիւններուն մասին:

 

Նախորդը

«ՄԵՆՔ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՉԵԿԱՆՔ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՍԽԱԼՆԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԼՈՒՌ ՄՆԱՆՔ» ԸՍԱՒ ԶՕՐ. ԱՈՒՆ

Յաջորդը

ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՍԷՅԻՏ ՆԱՍՐԱԼԼԱՅԻ

RelatedPosts

Աթալլա. «Պշարրէի Խումբի Գործին Մէջ  Վերջին Խօսքը Արդարադատութեան Պէտք Է Ձգել»
Լիբանանեան

Աթալլա. «Պշարրէի Խումբի Գործին Մէջ Վերջին Խօսքը Արդարադատութեան Պէտք Է Ձգել»

November 28, 2026
Ամմար. «Մեր Լռութիւնը Տկարութեան Նշան Չէ,  Այլ` Լիբանանի Շահերէն Մեկնելով Մեր Հեռատեսութեան»
Լիբանանեան

Ամմար. «Մեր Լռութիւնը Տկարութեան Նշան Չէ, Այլ` Լիբանանի Շահերէն Մեկնելով Մեր Հեռատեսութեան»

November 28, 2026
Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Պայրագտարեան Լիբանանի Ողիմպիական  Յանձնախումբի Տագնապի Աւարտը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Պայրագտարեան Լիբանանի Ողիմպիական Յանձնախումբի Տագնապի Աւարտը Յայտարարեց

November 28, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։