Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐԸ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՄԻՋԱՄՏԵԼՈՒ ՄՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՉՈՒՆԻՆ» Կ՛ԸՍԷ ԱՐԱՊԻ

December 21, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նեպիլ Արապի

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի վստահեցուց, որ Սուրիոյ մէջ Արաբական լիկայի դէտերու տեղակայման արձանագրութեան վրայ կատարուած բարեփոխումները պատուիրակութեան խորքին չեն ազդեր:

Ան եգիպտական «Շուրուք» օրաթերթին յայտնեց, որ Սուրիա մեկնելիք դէտերը արաբներ են, եւ թերեւս իսլամական կամ բարեկամ երկիրներէ` նշելով, որ անոնց պարտականութիւնը գետնին վրայ իրենց ներկայութեամբ, զինադադարի հաստատմամբ եւ կառավարութեան ու ընդդիմութեան միջեւ երկրին իշխանութեան ապագային շուրջ երկխօսութեան ենթահող պատրաստելու ճամբով սուրիացի ժողովուրդը պաշտպանելն է:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարը ընդգծեց, որ արեւմտեան երկիրները տագնապը շրջապատող բարդութեան պատճառով մտադիր չեն Սուրիոյ մէջ միջամտելու, իսկ ապագային վերաբերեալ սուրիական ընդդիմութեան պատկերացումը հասուն չէ:

Մինչ այդ, Ուաշինկթըն Սուրիոյ` իր հողամասերուն վրայ դէտերու տեղակայումը արտօնելուն առնչութեամբ կասկած յայտնեց: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ յայտնեց, որ Ուաշինկթըն կ՛ուզէ գործ տեսնել:

Ան ըսաւ, որ «սուրիական վարչակազմին կողմէ բազմաթիւ խոստումներ տեսանք, այդ պատճառով ալ կտոր մը թուղթի ստորագրութեամբ այնքան չենք հետաքրքրուած, որքան այդ խոստումներուն գործադրութեան յանձնառութեամբ: Այս հիմամբ պիտի դատենք սուրիական վարչակազմին լրջութիւնը»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը իր կարգին «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ ամերիկեան վարչակազմը կ՛ողջունէ Սուրիոյ մէջ դէտերու տեղակայման արձանագրութեան ստորագրումը, սակայն կարեւորը գործադրութիւնն է, եւ առանց ատոր արձանագրութիւնը անարժէք է:

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը 133 թեր, 11 դէմ եւ 43 ձեռնպահ քուէներով որդեգրեց Սուրիոյ մէջ մարդկային իրաւանց ոտնահարումը քննադատող որոշում մը: ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ դեսպան Պաշշար Ժաաֆարի այդ որոշումը իր երկրին դէմ «սատանայական» դաւ մը նկատեց:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ժիհատ Մաքտիսի յայտարարեց, որ դէտերու առաջին խմբակը յառաջիկայ 48 ժամերուն Սուրիա պիտի հասնի, «եւ անոնց գալուստը ողջունելի է»: Ան նշեց, որ պատուիրակութեան նստավայրը Դամասկոս պիտի ըլլայ:

Ան «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ «պատուիրակութիւնը ինք պիտի ճշդէ իր այցելել փափաքած վայրերը, սակայն անշուշտ համակարգաբար եւ սուրիական հաւանութեամբ»: Ան նշեց, որ «եկող խմբակին ամէն դիւրութիւն պիտի ընծայենք, եւ փակ շրջաններ գոյութիւն չունին, սակայն իրենց կողմէ բարի կամքի կը սպասենք եւ կը յուսանք, որ կողմնակալ չըլլան»:

Մաքտիսի ըսաւ, որ ըստ արձանագրութեան, «պատուիրակութիւնը սուրիական կառավարութեան մօտ պիտի ստուգէ լրատուամիջոցներու երկիր մուտք գործելու հարցը»` նշելով, որ ռուսական, չինական եւ այլ պատկերասփիւռի կայաններ Սուրիոյ մէջ ներկայ են, ինչպէս նաեւ արաբական լրատուամիջոցներ, «սակայն ծանօթ պատճառներով` ոչ «Ժազիրա»-ն»:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնեց, որ արձանագրութիւնը ժամանակի վատնում չէ, այլ ճշմարտութեան դիմակայում, «որովհետեւ գոյութիւն ունին բազմաթիւ զինեալներ, որոնք կը յաւակնին բանակէն անջատուած ըլլալ, սակայն սալաֆականներ են, եւ մենք դէմ պիտի կենանք բոլոր անոնց, որոնք զէնք կը կրեն»:

Մաքտիսի նշեց, որ Սուրիոյ սահմանադրութիւնը ամբողջութեամբ կը վերախմբագրուի եւ շարք մը բարեփոխումներ ու փոփոխութիւններ տեղի կ՛ունենան: Ան լաւատեսութիւն յայտնեց, սակայն աւելցուց, որ «արձանագրութիւնը Սուրիոյ փրկութիւնը չէ, այլ` լուծումին առաջին քայլը, իսկ տագնապի լուծումը միայն երկխօսութեան ճամբով է»:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանը Ռիատի մէջ Ծոցի համագործակցութեան երկիրներու ղեկավարներու ժողովէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Արաբական լիկայի միջամտութեան նպատակը արաբական տագնապները արաբական ջանքերով լուծելն է:

Ան ըսաւ, որ Սուրիա արձանագրութեան համաձայն գտնուեցաւ, սակայն ոչ արաբական նախաձեռնութեան` նշելով, որ ինք չ՛ուզեր, որ ոեւէ մէկը սուրիացի ժողովուրդէն ոեւէ անհատի վնաս հասցնէ:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարը աւելցուց, որ «եթէ Սուրիա արաբական լուծումը մերժէ` ան է, որ տագնապը միջազգային կազմակերպութիւններու պիտի փոխանցէ եւ ոչ թէ մենք»: Ան նշեց, որ արաբական լուծումը Սուրիոյ տագնապին լաւագոյն լուծումն է` յոյս յայտնելով, որ արձանագրութեան ստորագրումը նախաձեռնութեան գործադրութեան առաջին քայլը ըլլայ:

 

Նախորդը

ԾՈՑԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐԸ Կ՛ՈՐԴԵԳՐԵՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻՆ ԱՆՑՆԵԼՈՒ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿԸ

Յաջորդը

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻ ՏԵՂԱԿԱԼԸ ՊԱՔՈՒ Կ՛ԱՅՑԵԼԷ

RelatedPosts

Այսօր Եւ Վաղը` Իսլամապատի Մէջ  Մեքքայի Դաշնագիրին Շուրջ Ժողով
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Եւ Վաղը` Իսլամապատի Մէջ Մեքքայի Դաշնագիրին Շուրջ Ժողով

November 27, 2026
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները  «Խորապէս Մտահոգուած Են» Հայ-Ազրպէյճանական  Սահմանին Վերջին Դէպքերով
Գլխաւոր լուրեր

Կոչ` Արգելակելու Ազրպէյճանի Հաւանական Թեկնածութիւնը ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահի Պաշտօնին

November 27, 2026
Թրամփ Եւ ՕԹԱՆ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը  Ռուսիոյ Կոչ Կ՛ուղղեն` Ուքրանիոյ  «Պատերազմը Չընդլայնելու»
Միջազգային

Թրամփ Եւ ՕԹԱՆ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Ռուսիոյ Կոչ Կ՛ուղղեն` Ուքրանիոյ «Պատերազմը Չընդլայնելու»

November 27, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։