Հարցազրոյց` Դպրոցի Պատասխանատու
Վազգէն Մուղալեանին Հետ
Երէկ` հինգշաբթի, 6 յունիս 2019-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի ամավերջի աշակերտական ցուցահանդէսն ու վկայականաց բաշխումը:
Այս առիթով խօսք արտասանեց «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի պատասխանատու Վազգէն Մուղալեան: Ան ըսաւ, թէ 31 տարիէ ի վեր կը գործէ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցը, որ տարիներու ընթացքին տուած է արուեստագէտներ, որոնք իրենց յատուկ տեղը ունին լիբանանահայ հասարակութեան մէջ կամ այլուր: Ան յայտնեց նաեւ, որ կերպարուեստի դպրոցը ունի ուսումնասիրուած ծրագիր, եւ անոր գլխաւոր նպատակն է կապ ստեղծել հայրենիքին հետ, որպէսզի աւարտող աշակերտները կարենան իրենց մասնագիտութիւնը շարունակել Հայաստանի մէջ:
Ան ներկայացուց նաեւ կերպարուեստի դպրոցի տարեկան ծրագիրը եւ գործունէութիւնը: Խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, խնամակալութեան եւ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնութեան, որոնք նեցուկ կանգնած են կերպարուեստի դպրոցին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէնութեան եւ արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեանին` ձեռնարկի նախագահութիւնը ստանձնելուն համար:
Խօսք առաւ նաեւ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Թամար Սնապեան-Սուրճեան: Ան կարեւոր նկատեց ձեռնարկը, որովհետեւ ամբողջ տարուան մը աշխատանքի արդիւնքը կը ներկայացնէ: Ան ըսաւ, թէ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցը աւանդութիւն ունեցող եւ երկար ճամբայ կտրած դպրոց մըն է, որ ունի իր ակադեմական ծրագիրը դասարանային փուլերով եւ արհեստավարժ ուսուցիչներով: Ան յայտնեց նաեւ, որ կերպարուեստը կը զարգացնէ փոքրերուն եւ մեծահասակներուն արուեստի ճաշակն ու ընկալումը: Աշակերտին քով կը զարգանան ինքնուրոյն արտայայտուելու, ինքնավստահ դառնալու յատկութիւնները գծանկարին ընդմէջէն:
Խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց կերպարուեստի դպրոցի ուսուցիչներուն` Միրէյ Կոկիկեանին, Գէորգ Ուլաշեանին, Կիւլէն Տէր Պօղոսեանին, Ծովիկ Արնէլեանին, Տարիա Խտըշեանին եւ տնօրէն Վազգէն Մուղալեանին:
Այնուհետեւ իրենց վկայականները ստացան չորս շրջանաւարտներ` Նորա Տիպան, Քրիսթինա Գապաքեան, Նարինէ Մարգարեան եւ Նաթալի Խաչատուրեան:
Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեան: Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ մեծ թիւով աշակերտներ հետաքրքրուած են արուեստով: Ան ըսաւ, թէ հպարտ է նաեւ ուսուցիչներով, որոնք իրենց կարելին կ՛ընեն արուեստի մէջ հմտացնելու համար աշակերտները:
Ձեռնարկի աւարտին կերպարուեստի դպրոցի բոլոր մասնակից աշակերտները ստացան իրենց հաստատագիրները:
Այս առիթով «Ազդակ» «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի պատասխանատու Վազգէն Մուղալեանին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ:
«ԱԶԴԱԿ».- Խօսինք «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի աշխատանքներուն մասին:
ՎԱԶԳԷՆ ՄՈՒՂԱԼԵԱՆ.- «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցը հիմնուած է 1988 թուականին: Այն ժամանակ համազգայնական «խենթ» արուեստագէտներ որոշած են «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցին հիմը դնել, եւ ահաւասիկ 31 տարիէ մենք կը գործենք դպրոցին մէջ: Այս ընթացքին մենք ունեցած ենք շատ մը ուսուցիչներ Լիբանանէն մեր նշանաւոր արուեստագէտները, ինչպէս` Յարութիւն Թորոսեան, Զաւէն Խտըշեան, Կիւլեն Թորոսեան, շարքը մեծ է. առաւել` ունեցած ենք հայրենիքէն խումբ մը արուեստագէտներ, որոնք եկած ու դասաւանդած են մեր դպրոցին մէջ: Ներկայիս ունինք վեց արուեստագէտներ, որոնք կը գործեն մեր ակադեմիային մէջ: Անոնց աշխատանքը մասնագիտական է:
Դպրոցը ունի չորս բաժանմունք` փոքրեր, պատանիներ, միջակներ եւ մեծեր: Փոքրերը կը սկսին հինգ տարեկանէն 9 տարեկան, 9 տարեկանէն մինչեւ 12 տարեկան` պատանիները, 12-էն մինչեւ 17 տարեկան` միջակները, իսկ 17-էն մինչեւ 55 տարեկան` մեծերը: Մենք մեր լոզունգը ըրած ենք` 5-55 տարեկան, որովհետեւ ունինք տարիքով մեծ աշակերտներ, բժշկուհիներ, փաստաբանուհիներ, որոնք կու գան եւ մեզի հետ կ՛աշխատին:
Մեր դպրոցին լուրջ աշխատանքի գլխաւոր նպատակակէտը այն է, որ մենք կը փորձենք ուշ կամ կանուխ ունենալ կապ հայրենիքի հետ, որպէսզի մեր դպրոցը աւարտող աշակերտները կարենան երթալ Հայաստան եւ հեզասահ ընդունուիլ Հայաստանի գեղարուեստի համալսարանը: Այս պատճառով ալ մենք աւելցուցինք մեր ծրագրին մէջ քանդակագործութիւն եւ արուեստի պատմութիւն նիւթերը, որպէսզի թղթածրարը ամբողջական ըլլայ, որովհետեւ մենք Հայաստանի գեղարուեստի համալսարանի ծրագրին հիման վրայ կ՛աշխատինք: Քանդակագործութիւնը դասաւանդեց Կիւլեն Թորոսեան-Տէր Պօղոսեանը, իսկ արուեստի պատմութիւնը համեստօրէն ես դասաւանդեցի: Այս տարի խիտ ձեւով ընթացաւ մեր աշխատանքը, որովհետեւ չունէինք երկար ժամանակ, բայց եկող տարի տարբեր ձեւով պիտի սկսինք աշխատիլ: Ամբողջ տարին պիտի ունենանք քանդակի դասընթացք եւ արուեստի պատմութիւն: Արուեստի պատմութեան մէջ մենք կը սորվինք միջազգային արուեստագէտներու կեանքի մասին, նկարչական դպրոցներու մասին եւ կը կեդրոնանանք հայ գեղանկարիչներու վրայ, անոնց աշխատանքներուն, ոճին եւ արդիւնքներուն վրայ, որպէսզի մեր ուսանողները գաղափար ունենան, թէ մեր հայ նկարիչները ի՛նչ մակարդակի են, ո՛ւր հասած են եւ ի՛նչ գործեր կատարած են:
Տարուան ընթացքին մենք կ՛ունենանք զանազան ձեռնարկներ, օրինակ` մեր մեծ աշակերտները կ՛այցելեն ցուցահանդէսներ, կը ծանօթանան ցուցահանդէսի արուեստագէտին հետ եւ անկէ ազդուած` կը փորձեն գծել անոր գաղափարով, միտքով որոշ գործեր: Ունինք արտադասարանային ծրագիր. տարուան ընթացքին քանի մը անգամ բնութեան գիրկը կ՛երթանք, ապա կը վերադառնանք եւ բնութեան տեսարանները կ՛իրագործենք կտաւի վրայ, որոնք կը ցուցադրուին տարեվերջի ցուցահանդէսներուն: Ամէն տարի նաեւ սովորութիւն դարձած է կազմակերպել միջդպրոցական նկարչական մրցանք: Լիբանանի տարածքին հայկական բոլոր դպրոցները կը մասնակցին այս մրցանքին: Այս տարի մենք ունէինք 15 հայկական դպրոցներէ եկած 45 աշակերտներ: «Թորոս Ռոսլին» ակադեմիային մէջ տեղի կ՛ունենայ այս մրցոյթը` մեր ուսուցիչներու հսկողութեամբ եւ նոյն օրը դատակազմի անդամները, որոնք արուեստագէտներ կ՛ըլլան, կ՛ընտրեն լաւագոյն գործերը, որոնց կը տրուին մրցանակներ: Առաջին հանդիսացողը լրիւ կրթաթոշակ կը ստանայ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցէն, երկրորդը` 50 առ հարիւր, իսկ երրորդը` 25 առ հարիւր: Նոյն օրը մենք կը կազմակերպենք աշակերտներու գործերու ցուցահանդէս:
Այս տարի մեր թեման հայկական մանրանկարչութիւնն էր, հայկական գեղանկարչութիւն, զարդարուեստներ. այս նպատակով ալ այցելեցինք «Կիլիկիա» թանգարան, որպէսզի մեր աշակերտները մօտէն ծանօթանան «Կիլիկիա» թանգարանի մեր հարստութիւններուն, որմէ ետք եկեղեցւոյ բակին մէջ անկիւն մը տեղաւորուելով` անոնք գծեցին Անթիլիասի մայրավանքը:
Կ՛ունենանք տարեկան պտոյտներ` փոքրերու եւ մեծերու: Վերջապէս, կ՛ունենանք տարեկան մեր ցուցհանդէսը եւ միաժամանակ` աւարտական վկայականներու բաշխման հանդէսը: Այս տարի մենք ունինք աւարտող չորս աշակերտներ, որոնք պիտի ստանան «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցին վկայականը: Յուսանք` եկող տարի աւելի մեծ կ՛ըլլայ աւարտող մեր աշակերտներուն թիւը: Ըսեմ նաեւ, որ այս տարի մենք ունէինք մօտաւորապէս 75 աշակերատ, որ բաւական քաջալերելի է: Այսքանով ալ գոհ ենք` նկատի առնելով երկրի տնտեսական վատ պայմանները, որոնցմէ բնականաբար կ՛ազդուին նաեւ մեր ծնողները։
«Ա.».- Ի՞նչ պիտի ցուցադրուին «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ:
Վ. Մ.- «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ պիտի ներկայացուին մեր բոլոր աշակերտներուն լաւագոյն երեք գործերը, իսկ կեդրոնական բաժինին մէջ պիտի ցուցադրուին աւարտական աշակերտներուն գործերը, որովհետեւ տարուան սկիզբը աւարտական աշակերտներուն կը տեղեկացնենք, որ պատրաստեն աւարտականի իրենց ծրագիրը, որուն հիման վրայ մենք` ուսուցիչներս, կը սերտենք, ուղղութիւններ եւ ցուցմունքներ կու տանք, ապա անոնք կը սկսին իրենց աւարտականի աշխատանքը եւ մինչեւ տարեվերջ աւարտած կ՛ըլլան զայն: Ասոր կողքին, պէտք է նաեւ երեք գործ ցուցահանդէսին ներկայացնեն: Այս տարի մենք կեդրոնացած էինք հայ նկարիչներու վրայ, հետեւաբար ունինք հայ նկարիչներէն վերարտադրուած գործեր` Մարտիրոս Սարեան, Յակոբ Յակոբեան, Հրայր եւ այլն, որպէսզի մեր աշակերտները թէ՛ գծեն, թէ՛ ծանօթանան գեղանկարիչներու կեանքին եւ առօրեային:
Ըսեմ նաեւ, որ քանի մը տարիէ ամառնային դասընթացք կ՛ունենանք, այս տարի եւս կը փորձենք ունենալ. արդէն բաւական մեծ թիւով աշակերտներ համաձայն են մասնակցելու այս դասընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ վեց շաբաթներու ընթացքին. կը սկսինք յունիսի վերջաւորութեան, մինչեւ` յուլիսի վերջը:
Դժուարութիւններ չունինք, որովհետեւ Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը , խնամակալութիւնը եւ Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնութիւնը մեզի նեցուկ կը կանգնին ամէն ձեւով, որպէսզի մենք գոյատեւենք:
«Ա.».- Ի՞նչ նիւթեր կը դասաւանդուին կերպարուեստի դպրոցին մէջ:
Վ. Մ.- Մեր դասաւանդած նիւթերէն են` կառոյցը, թէ գործը ինչպէ՛ս կը կառուցուի, կը պատրաստուի, ինչ բաժանմունքներ ունի, ունինք հեռանկարը խորութիւններով, ունինք գունանկարը, ունինք մարդակազմութիւնը, ունինք դիմանկարը, ունինք գծանկարը, գեղանկարը եւ անկենդան բնութիւնը: Առաւել` խճանկար, քանդակագործութիւն եւ արուեստի պատմութիւն: Այս բոլոր նիւթերը 9 տարիներու ընթացքին կ՛անցնին աշակերտները: Օրինակ` կը սկսինք կառոյցով, միջակները կ՛անցնին հեռանկարի դասընթացքներ, խորութիւններ, հեռաւորութիւն եւ համաչափութիւն, իսկ բարձր դասարաններու մէջ կ՛անցնին մարդակազմութիւն, քանդակագործութիւն եւ այլն:
Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ