ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Նիւթական հարց մը պիտի հետապնդէք եւ պիտի հանգստանաք ձեր մէկ հարազատին առողջական լաւ լուրերը լսելէ ետք: Ճիշդ քայլեր առած էք յաջողութեան հասնելու համար:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Խնայողութիւն կատարեցէք, որպէսզի նիւթական գետնի վրայ նեղութեան մէջ չմնաք: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք: Յուսախաբութիւն մը պիտի ապրիք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Փաստեցիք, որ կրնաք դիմագրաւել ձեր առջեւ ցցուած դժուարութիւնները: Առեւտրական ծրագիրի մը մասնակցելու յարմար ժամանակն է:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Պարագաներու բերումով պիտի ստիպուիք ձեր մէկ ժամադրութիւնը յետաձգել: Հարցի մը պարագային, չէզոք դիրք պիտի ընտրէք: Նոր առաջարկներ պիտի ներկայացնէք ձեր ընկերութեան:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Հանդիպում մը պիտի ունենաք ձեր նախկին սիրեցեալին հետ: Ձեր ընկերներէն մէկը ձեր անձնական հարցերուն պիտի միջամտէ, եւ դուք նեղութիւն պիտի զգաք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ձեր աշխատանքը յաջողութեամբ պիտի պսակուի: Պիտի ստանաք պատասխաններ` ձեզ յուզող բազմաթիւ հարցերու: Հռչակ ձեռք պիտի ձգէք յառաջիկայ օրերուն:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ձեր սիրելի ընկերոջ հետ արկածախնդրական պտոյտ մը պիտի կատարէք: Պիտի հանդիպիք ձեզմէ երկար բացակայած անձի մը հետ: Ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարելաւուի:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ձեր աշխատանքին մէջ փոփոխութիւններ պիտի ունենաք: Ինքնավստահ եղէք ու ձեր կեցուածքին վրայ հաստատ մնացէք: Մի՛ զիջիք ձեր սկզբունքներէն:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Պիտի նախընտրէք մեկուսանալ եւ ինքնամփոփ կեանք մը վարել: Զգուշացէք անհոգութենէն եւ գիտելիքներով զինեցէք դուք ձեզ` որեւէ ծրագիր սկսելէ առաջ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ժառանգութեան մը խնդիրը պիտի խլէ ձեր ժամանակը: Ձեր կարելին ըրէք յաջողութիւն արձանագրելու համար ձեր գործին մէջ` առանց բախտին սպասելու:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Ձեր ընտրութիւններուն կառչած մնացէք` առանց տատամսելու: Աշխատանքային յաջողութիւն մը պիտի ունենաք` հակառակ բազմաթիւ դժուարութիւններու:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Դրական շրջան մըն է ձեզի համար: Ձեր շրջապատը պիտի խօսի ձեր արձանագրած յաջողութիւններուն մասին: Նոր ամիսը պիտի սկսիք բարձր տրամադրութեամբ:
