ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Օգտուեցէք ձեզի տրուած բոլոր առիթներէն: Ճամբորդեցէք եւ բացայայտեցէք նորութիւններ: Մի՛ մերժէք ձեզի տրուած օգնութիւնները: Երախտապարտ եւ շնորհակալ եղէք ձեր շուրջիններուն:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Իւրայատուկ առիթ մը ձեռք պիտի ձգէք: Գնահատական մը պիտի ստանաք ձեր գործի պատասխանատուներէն: Վերատեսութեան ենթարկեցէք ձեր առաջնահերթութիւնները:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Ձեր երազած ծրագիրը վերջապէս պիտի իրականացնէք: Համարձակ քայլեր պիտի առնէք: Ձեր գաղտնիքներէն մէկը պիտի բացայայտուի, եւ դուք պիտի նեղանաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Պիտի հրաժարիք ձեր մէկ որոշումէն: Վստահեցէք ձեր կողակիցին` ձեր հարցերու լուծման մէջ: Առինքնող կեցուածք մը պիտի ունենաք այս օրերուն:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Մանրակրկիտ կերպով վերատեսութեան ենթարկեցէք ձեր հաշիւները: Մի՛ վստահիք ձեր շուրջիններուն: Զգուշացէք խաբեբայ մարդոցմէ: Բախտէ զուրկ շրջան մըն է, համբերող եղէք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Նոր զարգացումներ պիտի ապրիք զգացական գետնի վրայ: Ընկերային նոր յարաբերութիւններ պիտի մշակէք: Վիճաբանութիւններէ հեռու մնացէք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ինչ որ պէտք է բարձր դիրքի հասնելու, ունիք. կը մնայ յամառօրէն աշխատիլ` հասնելու համար ձեր նպատակներուն: Ճկուն եւ դիւանագէտ եղէք ձեր յարաբերութիւններուն մէջ:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Վերապահ եղէք կարգ մը հարցերու հանդէպ եւ արկածախնդրութեան մի՛ դիմէք: Նիւթական դժուարութիւններու դիմաց պիտի յայտնուիք, խնայողութիւն կատարեցէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Իւրայատուկ փորձառութիւն մը պիտի ապրիք: Ընտանեկան հարցեր պիտի դիմագրաւէք: Համբերող եղէք եւ մի՛ տրտնջաք: Գոհ եղէք ձեր ունեցածով:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ուրախ պիտի ըլլաք ձեր կեանքին մէջ տեղի ունեցած նորութիւններով: Պայմանները ի շահ ձեզի պիտի փոխուին: Մարդոց հանդէպ ձեր վստահութիւնը պիտի զօրանայ:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Ձեր շրջապատին մէջ նոր միտքերու եւ գաղափարներու պիտի ծանօթանաք: Դրական շրջան մըն է, օգտուեցէք ձեզի տրուած բոլոր առիթներէն: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Լաւ բացէք ձեր աչքերն ու ականջները, որպէսզի ստանաք ձեզի պէտք եղած նոր տեղեկութիւնները եւ սորվիք այն ինչ որ անհրաժեշտ է ձեր յաջողութեան համար: