Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Սահմանադրական Ատեանը Կրօնի Ազատութեան Խախտում Նկատեց Պատրիարքի Ընտրութեան Խափանումը

May 25, 2019
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այս օրերուն, երբ օրակարգի վրայ է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութիւնները կազմակերպելու հարցը եւ կը սպասուի, որ 24 յունիսին սկսի տեղապահի ընտրութեան հոլովոյթը, յանկարծ հրապարակ հանուեցաւ հարց մը, որուն առնչութեամբ նախորդ ինը տարիներուն մեծ բանավէճեր տեղի ունեցած էին: Արդարեւ, Սահմանադրական ատեանը, մօտաւորապէս ինը տարի շարունակ սպասցնելէ ետք, 22 մայիսին քննարկեց պատրիարքի ընտրութեան հարցը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ակօս»-ը:

Արդարեւ, 2008-ին, Մեսրոպ արք. Մութաֆեան պատրիարքին հիւանդանալէն ետք, հայ համայնքը իշխանութիւններուն դիմում կատարեց` պատրիարքի ընտրութեան թոյլտուութիւն պահանջելով: Պոլսոյ կուսակալութիւնը մերժեց այդ դիմումները` պնդելով, թէ պատրիարքները անժամկէտ կը պաշտօնակոչուին, հետեւաբար անոնց կենդանութեան կարելի չէ նոր պատրիարքի ընտրութիւն կատարել: Դարձեալ կուսակալութեան թելադրանքով, Կրօնական ժողովը փոխանորդ նշանակեց Արամ արք. Աթեշեանը:

Պատրիարքական ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմինը առարկեց այս աննախադէպ կարգադրութեան դիմաց եւ դիմեց դատարան` ընտրութեան իրաւունքը պաշտպանելու համար: Երբ դատարանը մերժեց այս պահանջը, խնդիրը փոխադրուեցաւ Սահմանադրական ատեան:

22 մայիսի իր նիստին, Սահմանադրական ատեանը վերջապէս ընդունեց, որ պատրիարքի ընտրութեան խափանումը խախտում մըն է կրօնի եւ խիղճի ազատութեան:

Նշենք, թէ այս փուլին, լուրջ նշանակութիւն մը չի ներկայացներ Սահմանադրական ատեանին այս վճիռը, որովհետեւ արդէն իսկ մեկնարկման փուլին մէջ է պատրիարքի ընտրութեան հոլովոյթը:

Նախորդը

Կառավարութիւնը Աւարտեց Պետական Ամավարկի Քննարկումները. Յաջորդ Նիստը Պաապտայի Մէջ

Յաջորդը

Թոմ Ուաթսըն. «Պաքուի Մէջ Տեղի Ունենալիք Եզրափակիչին Հենրիխ Մխիթարեանի Չմասնակցիլը Խայտառակութիւն Է»

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.