Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Հապա՞ Մէկուկէս Միլիոն Նահատակներու Ժառանգորդներս…

Մայիս 17, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. Մ.

Գերմանական պատկերասփիւռի լրատուութենէն «պզտիկ լուր» մը` երկուշաբթի, 13 մայիսին.

Գերմանիոյ Համպուրկ քաղաքին մէջ կայ չինական փոքր գաղութ մը, որ գոյութիւն առած է մօտաւորապէս դար մը առաջ, հիմնականին մէջ` նաւահանգիստի աշխատաւորներու ալիքի մը իբրեւ արդիւնք: Բ. Աշխարհամարտի տարիներուն, բազմաթիւ այլ փոքրամասնութեանց պէս, չիներն ալ հալածանքի ու սպանութեան ենթարկուած են (հրեաներու Ողջակիզումը, գիտենք, միշտ ալ գերիվեր ոճիր ներկայացուած է եւ ընդունուած, լուսանցքայնացուած են լեհերու եւ այլոց դէմ հալածանքները): 1944-ի մայիսին Կեսթափոն հաւաքական հալածանքի ձեռնարկած է չիներուն դէմ, ձերբակալած է 129 հոգի, որոնցմէ 17-ը սպաննուած են, մնացեալները վերապրած, երկար ատեն իրենց դէմ գործուած իրաւազրկումին դէմ հատուցում պահանջած են եւ… ոչինչ ստացած: Այս տարի վերապրողներուն ժառանգորդները բողոքի ձայն կը բարձրացնեն եւ կը յայտարարեն, որ նման դէպք «պէտք չէ կրկնուի»: Անոնց այս շարժումին ետին կայ մտավախութիւն մը. Գերմանիոյ մէջ ծայրայեղական աջերը` ազգայնամոլները գլուխ բարձրացուցած են եւ նոր-նացիական հովեր կը տարածեն երկրին մէջ…

Ի՜նչ զուգադիպութիւն` թիւի. պաղեստինեան աղբիւրներ կը յայտնեն, որ իրենց հողերը խլող իսրայէլեան պետութեան դէմ պաղեստինեան բողոքի ալիքները, որոնք աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր շաբաթական հերթականութեամբ կը բարձրանան Կազայի սահմանային գօտիներու մէջ, խլած են 17 զոհ, իսկ 1.400 ցուցարարներ վիրաւորուած են: Պաղեստինցիք 1976-էն ի վեր յաճախ բողոքի ձայն բարձրացուցած են ու` ուժական պայքարի ընտրանքին դիմած, որովհետեւ իրենց հայրենիքի հողերուն վրայ իսրայէլեան պետութեան կանգնումէն ու իրենց զանգուածային արտաքսումէն տարիներ ետք, 1976-ին, Իսրայէլ կիրարկման դրաւ հողերու կցման քաղաքականութիւն մը, կը շարունակէ քայլ առ քայլ գրաւել պաղեստինցիներու պատկանող հողաշերտեր, կը հեռացնէ անոնց բնակիչները, կը քայքայէ պաղեստինցիներուն տնտեսութիւնը եւ… կը վարձատրուի Միացեալ Նահանգներու եւ այլոց կողմէ:

***

Չիներն ու պաղեստինցիները իրաւացի են իրենց պահանջատիրութեան մէջ եւ կը փորձեն աշխարհին յիշեցնել, որ նման սպանդներ ու բռնարարքներ պէտք է վերջ գտնեն: Ո՛չ մէկ կասկած, որ սուրիացիք, եմէնցիք եւ նոխազի վերածուած այլ երկիրներու ժողովուրդները լիարժէքօրէն կը ձայնակցին այս կոչին: Հարցը չի բնութագրուիր թիւերով, թէեւ թիւերը այլապէս խօսուն են:

Տարբեր կրնա՞յ ըլլալ թուրքի եաթաղանին ու հայաջնջման պետական ծրագիրին զոհ գացած մէկ ու կէս միլիոն հայերու կտակին ժառանգորդներուս կեցուածքը:

13 մայիս 2019

Նախորդը

Մայիսի 12. Պատերազմի Աւա՞րտ, Թէ՞ Հրադադար

Յաջորդը

Շուշիի Ազատագրութեան 27-ամեակ*

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?