13-14 յուլիսին Ռաուշէի հանրածանօթ ժայռին վրայէն տեղի կ՛ունենայ «Ռետ-Պուլ»-ի` ցատկելով սուզուելու ախոյեանութիւնը:
Նախորդ չորս հանգրուանները այլ երկիրներու մէջ կատարելէ ետք, հինգերորդը տեղի կ՛ունենայ Պէյրութի մէջ:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 10 տղաք եւ 14 աղջիկներ (18 տարբեր ազգերէ), որոնք հանդիսացած են աշխարհի եւ ողիմպիականի ախոյեաններ: Անոնք յաջողած են ցատկել 27 մեթր բարձրութենէ:
Այս գծով յաւելեալ տեղեկութիւններ տալու նպատակով, կազմակերպիչները երկուշաբթի, 20 մայիսին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Ռիմալի մէջ (Զուք Մոսպեհ) պիտի տան յատուկ մամլոյ ասուլիս մը:
Անոր ներկայ պիտի գտնուին նաեւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շըպիպ, յատուկ հրաւիրեալներ եւ մարզական լրագրողներ:
«Ռետ-Պուլ»-ի այս ախոյեանութիւնը կ՛ընդգրկէ եօթը հանգրուան: