
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Սարգիս Ադամեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ «Պունտըսլիկա»-ի կազմերէն Հոֆընհայմին հետ:
25 տարեկան ֆութպոլիստը կնքեց երեք տարուան պայմանագրութիւն մը, յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքը:
Ադամեան Եան Ռեկենսպուրկի հետ «Բ. Պունտըսլիկա»-ի այժմու ախոյեանութեան ընթացքին նշանակեց 15 կոլ եւ կատարեց 11 էսիսթ:
Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի մրցումներուն նախօրեակին, Հոֆընհայմ 51 կէտով կը գրաւէ 8-րդ դիրքը: Խումբը չնչին յոյս մը ունի յառաջիկայ տարեշրջանին գծով «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին մասնակցելու:


