Ըստ «Մունտօ Տեփորթիւօ»-ի, Աթլեթիքօ Մատրիտի ֆրանսացի յառաջապահ Անթուան Կրիզման այս ամրան ընթացքին կը տեղափոխուի Պարսելոնա:
Քաթալոնական ակումբը 120 միլիոն եւրօ պիտի վճարէ` ձեռք ձգելու համար 28 տարեկան ֆութպոլիստին ստորագրութիւնը: 1 յուլիսին անոր փոխանցման արժէքը, ըստ կնքուած պայմանագրութեան, 200 միլիոն եւրոյէն կ՛իջնէ 120 միլիոն եւրոյի:
Այդ գումարին 20 տոկոսը (24 միլիոն եւրօ) Պարսելոնա պիտի վճարէ անոր նախկին ակումբին` Ռէալ Սոսիետատին: