Իր ակումբին` Մանչեսթըր Սիթիի հետ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան հանդիսացած Եոսիփ Կուարտիոլա յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով ճանչցուեցաւ «Փրեմիեր-լիկ»-ի տարուան լաւագոյն մարզիչը:
Քուէարկութեան ընթացքին 48 տարեկան Կուարտիոլա յաջողեցաւ գերազանցել երկրորդ հանդիսացած գերմանացի Եիւրկըն Քլոփը (Լիվըրփուլ):
Այս քուէարկութեան մասնակցեցան «Փրեմիեր-լիկ»-ի 20 ակումբներու խմբապետներ եւ ֆութպոլի մասնագէտներ: