«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող խումբերէն Լոս Անճելըս Լէյքըրզ ունեցաւ նոր մարզիչ:
Ակումբը երկարաժամկէտ պայմանագրութիւն մը կնքեց ամերիկացի Ֆրանք Վոկըլի հետ:
Յաւելեալ մանրամասնութիւնները չփոխանցուեցան:
45 տարեկան մասնագէտին նախորդ ակումբն էր Օրլանտօ Մեճիքը, որուն հետ ան աշխատեցաւ 2016-2018 ժամանակաշրջանին:
Անկէ առաջ, 5 տարի ան եղած է Ինտիանա Փէյսըրզի մարզիչը:
Նշենք, որ այս տարեշրջանին Լէյքըրզ չկրցաւ ապահովել փլէյ-օֆի մրցումներու իր տոմսը: