Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանան Գոյութիւն Պիտի Չունենայ, Եթէ Ան Շարունակէ Կէս Միլիոն Գաղթական Եւ Մէկ Միլիոն Վեց Հարիւր Հազար Տեղահանուած Հիւրընկալել» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Մայիս 10, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ամերիկեան յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն Ռիչըրտին յանձնեց հարաւային Լիբանանի մէջ երկրին ծովային սահմանագծումին վերաբերող առաջարկներ եւ գործիքակազմեր:

Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին մէկ պատուիրակութիւնը, որուն ներկայութեան շեշտեց, որ ինք միշտ կ՛աշխատի Արեւելքի մէջ քրիստոնէական ներկայութիւնը ամրապնդել, եւ կոչ ուղղեց Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին նոյն ուղղուածութեամբ գործելու: «Թուղթի վրայ նշուած խաղաղութիւնը ապարդիւն է, եթէ ժողովուրդները անոր վստահութիւն չընծայեն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Երուսաղէմի շուրջ պարիսպները վեց անգամ կառուցուեցան եւ ամէն անգամ ալ անոնք փուլ եկան:

Նախագահ Աուն Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդէն խնդրեց օժանդակել Լիբանանին` սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին լուծման առնչութեամբ:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ սուրիացի տեղահանուածները պէտք է ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին տունդարձ կատարեն:

«Լիբանան գոյութիւն պիտի չունենայ, եթէ ան շարունակէ կէս միլիոն պաղեստինցի գաղթական եւ մէկ միլիոն վեց հարիւր հազար տեղահանուած հիւրընկալել», հաստատեց նախագահ Աուն:

Պըրրիի Մօտ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը, որուն հետ հանդիպումին ընթացքին քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին սահմանագծումի թղթածրարին անդրադառնալով` Պըրրի Ռիչըրտին ըսաւ, թէ լիբանանեան ծովային սահմանագծումին եւ տնտեսական շրջանի սահմաններուն վերաբերեալ Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքին շուրջ ներքին լիբանանեան միասնականութիւն գոյութիւն ունի:

 

 

Նախորդը

Մանսուրիէի Մէջ Ելեկտրական Բարձր Լարման Գիծերուն Դէմ Բողոքը Կը Մնայ Առկայ

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Կը Շարունակէ Պետական Ամավարկի Քննարկումը` Մէկդի Դնելով Աշխատավարձերու Թղթածրարը

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?