Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մանսուրիէի Մէջ Ելեկտրական Բարձր Լարման Գիծերուն Դէմ Բողոքը Կը Մնայ Առկայ

Մայիս 10, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեք օրէ ի վեր Մանսուրիէի բնակիչները բողոքի ցոյցեր կը կազմակերպեն ելեկտրականութեան բարձր լարման գիծերուն դէմ:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ մասնակցեցաւ Մանսուրիէի բնակիչներու բողոքի ցոյցին եւ ողջունեց Սենթ Թերեզ եկեղեցւոյ քահանան` հայր Տանի Աֆրամը, շրջանի բնակիչներուն արդար պահանջին զօրակցելուն համար:

Սամի Ժեմայէլ երէկ նախաձեռնեց նաեւ ելեկտրական բարձր լարման գիծերուն բանեցումը կասեցնելու քայլի մը, որուն շրջագիծին մէջ ան տասը երեսփոխաններու ստորագրութիւններ ապահովեց` Սահմանադրական խորհուրդին մօտ ելեկտրական բարձր լարման գիծերուն բանեցումը վիճարկելու համար:

Վիճարկումը Սահմանադրական խորհուրդին ներկայացնելէ ետք, Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ իրենց պահանջը ելեկտրականութեան թղթածրարին ծրագիրը չի կասեցներ, այլ` թափանցիկ չափանիշներու յանձնառութիւն կ՛ենթադրէ:

«Մենք կը պնդենք սահմանադրական հաստատութիւններուն, յատկապէս` Սահմանադրական խորհուրդին ընդմէջէն նման քայլերու դիմել` օրինազանցութիւնները զսպելու նպատակով», շեշտեց ան:

Իր կարգին, Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ այցելեց Մանսուրիէ եւ մասնակցեցաւ շրջանի բնակչութեան բողոքի ցոյցին: Ան խստիւ դատապարտեց լիբանանեան իշխանութիւններուն կողմէ տասնամեակէ մը ի վեր վերոնշեալ հարցը անլոյծ ձգելու վարուելակերպը:

Նետիմ Ժեմայէլ հաստատեց իր զօրակցութիւնը` շրջանի բնակիչներուն եւ անոնց արդար պահանջներուն:

Նշենք, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ առաւօտեան Պքերքէի մէջ ընդունեց Հզօր Լիբանան համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը, որուն հետ քննարկեց վերոնշեալ հարցը:

Հանդիպումէն ետք Քանաան յայտնեց, որ ինք 2005-էն ի վեր կը հետեւի այս թղթածրարին եւ Ռայի պատրիարքին ներկայացուցած է իր ունեցած բոլոր տեղեկութիւնները, որոնք կրնան այդ փշոտ հարցին լուծման առաջնորդել:

Քանաան շեշտեց, որ բնակիչներուն իրաւունքն է, որ անոնց մտահոգութիւնները նկատի առնուին, բայց եւ այնպէս ապահովական կառոյցներն ու դատական իշխանութիւնները քաղաքական որոշում մըն է, որ կը գործադրեն:

Ան յոյս յայտնեց, որ հանդիպումներն ու խորհրդակցութիւնները արդիւնաւորուին` լարուածութեան վերջ դնելով:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը կէսօրէ առաջ նախագահեց նաեւ այլ նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Նատա Պուսթանի,  երեսփոխաններ Սամի Ժեմայէլ եւ Էլիաս Հանքաշ, Ելեկտրականութեան ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Քամալ Հայեք, ինչպէս նաեւ Այն Սաատէի եւ Մանսուրիէի թաղապետները:

Նիստէն ետք Պքերքէի տեղեկատու գրասենեակի պատասխանատու Ուալիտ Ղայեատ շեշտեց, որ հանդիպումին ընթացքին ներկաները դատապարտած են Մանսուրիէի բնակիչներուն եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ բախումը:

Հանքաշ Պքերքէէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ նշեց, որ Մանսուրիէի ելեկտրական բարձր լարման գիծերուն հարցով լուծումի մը չեն յանգած` աւելցնելով, որ Ռայի պատրիարքը պիտի ձեռնարկէ հաղորդակցութիւններու` մեղմացնելու համար տիրող ընդհանուր լարուածութիւնը:

 

Նախորդը

Պըրրի Սալամէի Հետ Քննարկեց Երկրին Տնտեսական Կացութիւնն Ու Պետական Ամավարկը

Յաջորդը

«Լիբանան Գոյութիւն Պիտի Չունենայ, Եթէ Ան Շարունակէ Կէս Միլիոն Գաղթական Եւ Մէկ Միլիոն Վեց Հարիւր Հազար Տեղահանուած Հիւրընկալել» Շեշտեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?