Հայաստանն ու Իսրայէլը երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման մեծ ներուժ ունին: «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով` այս մասին «Ճերուզալեմ փոսթ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան, որ նշած է, թէ երկու երկիրներն ալ մեծ պատմութիւն ունին ու հին քաղաքակրթութիւններու կրողներ են:
«Մենք ունինք ազգային ինքնութեան ու հպարտութեան մեծ զգացում, կրնանք միասին աշխատիլ զանազան ոլորտներու մէջ», ըսած է Մնացականեան:
Արտաքին գործոց նախարարը անդրադարձած է Իսրայէլի կողմէ Ազրպէյճանին զէնքի վաճառքի փաստին` նշելով. «Ատիկա եղած է եւ կը մնայ մտահոգութեան լուրջ առիթ մեզի համար: Իսրայէլի զէնքի վաճառքը մեր ժողովուրդին համար մահացու միջոց է: Մենք ականատեսը եղած ենք, թէ ինչպէ՛ս այդ զէնքը կ՛օգտագործուի մեր ժողովուրդին դէմ: Մենք կը մտահոգուինք անվտանգութեան հարցով եւ բացարձակապէս վստահ ենք, որ կրնանք պաշտպանել մենք զմեզ, եւ դուք շատ լաւ գիտէք, թէ ատիկա ի՛նչ կը նշանակէ: Միեւնոյն ժամանակ, մենք յանձնառու ենք զարգացնելու խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն մեր շրջանին մէջ», ըսած է նախարար Մնացականեան` ընդգծելով, որ շրջանին մէջ սպառազինութիւններու մրցավազքը ոչ մէկ ձեւով կրնայ նպաստել խաղաղութեան ու անվտանգութեան կառուցման: