Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի մայր եկեղեցւոյ մէջ 24 ապրիլի առաւօտեան մատուցուած պատարագով սկսած Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման նուիրուած ձեռնարկներու շարքը եզրափակուած է Պոլսոյ կեդրոնական Իսթիքլալ պողոտայի մերձակայ Շիշհանէի հրապարակին վրայ կազմակերպուած ձեռնարկով: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Ի տարբերութիւն նախորդ տարիներուն, այս անգամ քաղաքային իշխանութիւնները չէին արտօնած ձեռնարկ կազմակերպել Թաքսիմի կամ Թիւնելի հրապարակներուն վրայ` արգիլելով որեւէ հաւաք գլխաւոր պողոտային վրայ:
«Ազատութիւն» կը հաղորդէ, որ Ապրիլ 24-ի յիշատակի հարթակին նախաձեռնած ոգեկոչման ձեռնարկը այս տարի մարդաշատ չէր, տարածքը կը հսկուէր ոստիկանական ջոկատներու կողմէ, ձեռնարկն ալ բաւական կարճ տեւած է: Տեղի չէ ունեցած աւանդական նստացոյց եւ մոմավառութիւն:
Միաժամանակ, յարակից փողոցներէն մէկուն վրայ դրօշներով եւ պաստառներով ցուցարարներու խումբ նկատուած է: Ձախ ընկերվարական, հակակայսերապաշտական հայեացքներ ունեցող Ժողովուրդներու փրկութեան կուսակցութեան համակիրները հաւաքուած էին` իրենց բողոքի ձայնը բարձրացնելու արեւմտեան ուժերուն դէմ:
Կուսակցութեան Պոլսոյ նահանգային ղեկավար Փընար Աքպինա իր խօսքին մէջ ցեղասպանութիւնը «կայսերապաշտական սուտ» որակած է` յայտարարելով, թէ ատոր նպատակն էր սեպ խրել հայ-թրքական եղբայրութեան մէջ:
Ութ տարի առաջ Սասուն նահանգին մէջ զինուորական ծառայութեան ժամանակ ծառայակիցի մը կողմէ սպաննուած հայազգի Սեւակ Շահին Պալըքճըի յիշատակի ձեռնարկը Շիշլիի հայկական գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցած է ոստիկանութեան հսկողութեան տակ: Ձեռնարկին խօսք արտասանած, «Նոր Զարթօնք» նախաձեռնութեան գործիչներէն Ալեքսիս Քալք ցուցմունք տալու համար տարուած է ոստիկանատուն, ապա ազատ արձակուած է:
Միւս կողմէ, «Ակօս» շաբաթաթերթի կայքը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը խոչընդոտած է Պոլսոյ Սուլթանահմետ թաղամասին մէջ տեղի ունենալիք ցոյցը:
Մարդու իրաւունքներու միութեան Պոլսոյ մասնաճիւղը, 24 ապրիլին ամէն տարուան նման Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ մը կազմակերպած է: Սակայն ոստիկանութիւնը չէ արտօնած հաւաքուիլ:
Իրաւապաշտները եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Կարօ Փայլան բողոքած են ոստիկանութեան քայլերուն դէմ: