Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակին վերաբերեալ յայտարարութիւն մը հրապարակած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Մեզոփոթամիաաժանսը» կայքը:
Յայտարարութեան մէջ մասնաւորաբար կը նշուի. «Երկու հազարէն աւելի հայ մտաւորականներ, իրենց տուներէն հանելով եւ մահուան ուղարկելով, սկսան հոլովոյթի մը, որ շարունակուեցաւ հարիւր հազարաւոր հայերու աքսորով եւ անոնց մեծ մասին համակարգուած սպանութեամբ», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:
Քրտամէտ կուսակցութիւնը նաեւ նշած է, որ կը շարունակէ «Մէկ ազգ, մէկ կրօն, մէկ լեզու» հայեցակարգի ծիրին մէջ բազմազանութիւնը ջնջելուն եւ միատարր հասարակութիւն ստեղծելուն դէմ քայլերը:
Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը կը նշէ. «Մարդկութեան դէմ ոճիրները ողբալը եւ պատմական իրողութիւններուն հետ առերեսուիլը, զոհերէն ու համայնքներէն ներում հայցելը եւ վերականգնողական արդարութեան դիմելը, զիրար հասկնալն ու անկեղծ մօտեցումով վէրքերը բուժելը հասարակաց ապագայի կառուցման կենսական քայլեր են: Խիղճի եւ արդարութեան զգացումներ զարգացնելը, ինչպէս նաեւ այս մեծ ցաւը կիսելը եւս ժողովրդավարական, խաղաղ եւ միասնաբար հաւասար ապագայ կառուցելու ուղի են»:
«Իբրեւ Անատոլուի եւ Միջագետքի հին ժողովուրդներու թոռները, կը կիսենք 104-ամեայ թախիծն ու ցաւը, եւ տխրութեամբ ու յարգանքով կ՛ոգեկոչենք բոլոր անոնք, որոնք ինկան», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Միւս կողմէ, «Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն երեսփոխան Կարօ Փայլան Թուրքիոյ խորհրդարանին առաջարկ ներկայացուցած է 24 ապրիլ 1915-ին ձերբակալուած, ապա դաժանաբար սպաննուած հայ մտաւորականներու վերաբերեալ հետաքննութեան սկսելու վերաբերեալ:
«Պէտք է հետաքննել սպաննուած մտաւորականներու ճակատագիրը, բացայայտել անոնց աճիւններուն գտնուելու վայրը, անոնց արժանացնել համապատասխան թաղման արարողութեան: Հայերը արդէն 104 տարի է` կը սպասեն արդարութեան», նշուած է առաջարկին մէջ: