ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Այսօրուընէ սկսեալ աւելի պիտի կեդրոնանաք ձեր գործին վրայ: Լաւ ունկնդրեցէք ձեր շուրջիններուն կարծիքը: Ձեր ընկերային յարաբերութիւններէն օգտուեցէք: Նպատակ մը դրէք ու աշխատեցէք զայն իրականացնել:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Այս օրերուն ձեր աշխատաքները պիտի կեդրոնանան ձեր տան եւ ընտանիքին պէտքերը ապահովելուն վրայ: Հին ընկերներու հետ հաճելի ժամանակ պիտի անցընէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Փոփոխութիւններ տեղի պիտի ունենան ձեր անձնական կեանքին մէջ: Դրական պիտի ըլլայ ձեր մտածողութիւնը այս օրերուն: Կարեւոր տեղեկութիւններ պիտի ստանաք ձեր մրցակիցներէն մէկուն մասին:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Օգտուեցէք ձեզի տրուած առիթներէն ընդլայնելու ձեր հեղինակութիւնը: Մի՛ յետաձգէք ձեր գործերը, որպէսզի անոնք չկուտակուին: Հոգ տարէք ձեր առողջութեան:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Աղմուկի եւ իրարանցումի մէջ պիտի ըլլաք այս օրերուն: Քննարկումներու պիտի մասնակցիք ձեր գործին մէջ: Յաջողութեամբ լեցուն օրեր պիտի ունենաք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ընտանեկան հարցեր պիտի ունենաք, աշխատեցէք զանոնք շուտով լուծել, որպէսզի չբարդանան: Հակասութիւններով լեցուն պիտի ըլլան ձեր օրերը: Քննութենէ մը պիտի անցնիք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ծանր պահեր պիտի ապրիք, բայց պիտի յաջողիք յաղթահարել ձեր բոլոր դժուարութիւնները: Շահ մը պիտի ապահովէք ձեր գործին մէջ: Ձեր հին ծանօթներէն մէկուն պիտի հանդիպիք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ռոմանթիք պահեր պիտի ապրիք ձեր սիրելիին հետ: Անակնկալ ծախսեր պիտի յայտնուին: Պիտի յաջողիք յաղթահարել ձեր դիմաց ցցուած բոլոր նեղութիւնները:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Հանգիստի պէտք ունիք: Նիւթական դժուարութիւններու պիտի հանդիպիք: Ձեր ծրագիրներէն մէկը յաջողութեամբ պիտի պսակուի, եւ ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարձրանայ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ուշադրութիւն մի՛ դարձնէք ուրիշներուն կատարած քննադատութիւններուն: Պինդ պահեցէք ձեր ջիղերը: Հաստատ մնացէք ձեր կարծիքին ու կեցուածքին վրայ:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Այս օրերուն դժուար պիտի հասկնաք ձեր կողակիցին կամ սիրելիին: Սխալ արտայայտութիւններ մի՛ ունենանք, որպէսզի պատճառ չդառնայ ձեր բաժանումին:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Անձնական գետնի վրայ տագնապ մը պիտի ապրիք: Հարցադրումներու դիմաց պիտի գտնուիք` փակէ՞ք դուռը, թէ՞ լուծէք հարցերը: Յետաձգեցէք ձեր տալիք որոշումները աւելի յարմար ժամանակի: