ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Կառչած մի՛ մնաք ձեր կարծիքին, նկատի առէք ձեզմէ աւելի փորձառու մարդոց խրատները: Համարձակութեամբ եւ ճկունութեամբ մասնակցեցէք ձեր գործին մէջ տեղի ունեցած քննարկումներուն:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Չէզոք դիրք բռնեցէք, եթէ վիճաբանութիւն տեղի ունենայ ձեր շրջապատին մէջ: Ստիպուած` պիտի համակերպիք ձեր գործին մէջ ստեղծուած նոր պայմաններուն:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Վերատեսութեան պիտի ենթարկէք ձեր կարգ մը որոշումները եւ ծրագիրները: Անցեալը կրկին մուտք պիտի գործէ ձեր կեանքին մէջ: Ուշադիր հետեւեցէք մասնագէտներու խորհուրդներուն:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Հեռու մնացէք յուսախաբութենէ եւ զոհ մի՛ երթաք ձեր հինցած ըմբռնումներուն: Պիտի ստանաք ձեր փափաքածները: Բախտը ձեր կողքին պիտի ըլլայ այս օրերուն:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Մրցակցութիւնը պիտի սաստկանայ այս օրերուն ձեր եւ ձեր գործակիցներուն միջեւ: Իմաստուն ու խոհեմ գտնուեցէք, եթէ վիճաբանութիւն տեղի ունենայ:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Պէտք է հոգատար գտնուիք ձեր կողակիցին հանդէպ: Օտարութեան մէջ գտնուիլը կրնայ վնասել ձեր հոգեկան առողջութեան: Թշնամական կեցուածք մի՛ որդեգրէք ձեր ընկերներուն հանդէպ:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ձեր ճամբորդութիւնը պիտի ուշանայ ձեզի անհասկնալի պատճառներով: Նիւթական դժուարութեան մէջ պիտի գտնուիք որոշ ժամանակ մը միայն: Յուշանուէր մը պիտի ստանաք ձեր ընկերներէն:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Փափուկ շրջան մըն է, հոգ տարէք ձեր ընտանիքի անդամներուն եւ ժամանակ տրամադրեցէք անոնց: Մի՛ յետաձգէք ձեր ժամադրութիւնները: Առողջական անցողիկ հարցեր պիտի ունենաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Պիտի յաջողիք ձեր իրաւունքները պաշտպանել: Յոգնութիւն պիտի զգաք այս օրերուն: Մի՛ մեղադրէք ձեր շուրջինները, այլ հասկցէք անոնց պայմանները եւ դժուարութիւնները:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ձեր գործի պայմանները ի շահ ձեզի պիտի փոխուին: Ձեր գործակիցները օգտակար պիտի դառնան ձեր հարցերու լուծման: Ուրախ ժամանակ պիտի անցընէք ձեր ընկերներուն ներկայութեամբ:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Հանդիպումներու ընթացքին պիտի յաջողիք ներկայացնել ձեր տեսակէտը հաճելի ոճով մը: Յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք ձեր գործին մէջ:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Անձնական գետնի վրայ տագնապ մը պիտի ունենաք: Կարգ մը հարցադրումներ պիտի ծագին ձեր մտքին մէջ, որոնց պատասխանը աւելի ուշ պիտի ստանաք: