Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) գարնանային նստաշրջանի լիագումար նիստին ընթացքին ընդգծեց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման բանակցութիւններու սեղան Արցախի վերադարձին կարեւորութիւնը: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, վարչապետ Փաշինեան նշեց, որ տագնապը չի կրնար լուծուիլ, առանց Արցախի մասնակցութեան:
«Մեր ընկալումով, այսօր կայ կարեւորագոյն քանի մը հարց, որոնց պէտք է պատասխանենք խաղաղութեան օրակարգը օրինական առումով զօրացնելու համար, եւ այդ հարցերէն մէկը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափի լիարժէք գործարկումն է, որ կ՛ենթադրէ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը խաղաղ լուծման գործընթացին, որովհետեւ շատ դժուար է հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս մենք կը պատրաստուինք հարցը լուծել, առանց տագնապի առաջնային եւ հիմնական կողմը լսելու, առանց անոր հետ խօսելու: Մեր քայլերը ուղղուած են անոր, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան շրջանակներուն մէջ վերականգնենք երկխօսութիւնը Ազրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ: Լեռնային Ղարաբաղի ու Ազրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ տեղի ունեցած է նաեւ ուղիղ հանդիպում, այդ փորձը եղած է: Լեռնային Ղարաբաղի ընտրուած ներկայացուցիչները շատ երկար ժամանակ, եւ ըստ էութեան միշտ ներգրաւուած եղած են բանակցային գործընթացին մէջ: Սովորաբար կ՛ըսեն, որ մինչեւ 1998, բայց ես կրնամ ըսել, որ մինչեւ 2018 Ղարաբաղի ներկայացուցիչները ներկայ եղած են բանակցային գործընթացին մէջ: Ռոպերթ Քոչարեանը Հայաստանի նախագահ դառնալէն առաջ եղած է Լեռնային Ղարաբաղի ընտրուած նախագահը, այնուհետեւ Սերժ Սարգսեանը ներկայացուցած է Հայաստանը, բայց ան եղած է նաեւ Ղարաբաղի առաջնորդներէն մէկը, եւ մենք, ըստ էութեան, ունինք վիճակ մը, երբ Լեռնային Ղարաբաղը բանակցային ամբողջ գործընթացին ընթացքին ներկայացուած եղած է բանակցութիւններու սեղանին շուրջ: Եւ մեր խնդիրն է այսօր ստեղծել պայմաններ, որ այդ երկխօսութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի ու Ազրպէյճանի միջեւ չընդհատուի, եւ ասիկա շատ կարեւոր պարտաւորութիւն է», ըսաւ Փաշինեան:
Վարչապետը կարեւոր նկատեց նաեւ իր ու Ազրպէյճանի նախագահին միջեւ տեղի ունեցող երկխօսութիւնները:
«Վերջին շրջանին խաղաղութեան բանաձեւը կեանքի կոչելու առաջարկներ ներկայացնելը մեր ազրպէյճանցի գործընկերներուն եւ հանրութեան, մեր ամէնէն կարեւոր ընելիքներէն մէկն է, եւ ես ուրախ եմ, որ մենք Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ կրցած ենք բաւական ուղիղ, անկեղծ, ազնիւ եւ կառուցողական խօսակցութիւն ծաւալել: Ցաւօք, դեռ ընդհանուր պատկերացումներ չունինք Ղարաբաղի հարցի լուծման նրբութիւններու կառուցակազմերուն մասին, բայց այն, որ մենք կրցած ենք կառուցողական, անկեղծ քննարկման մթնոլորտ ստեղծել, ատիկա արդէն իսկ բաւական լաւ է», նշեց վարչապետ Փաշինեան: