Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարուժան Սէթեան` Լիբանանի Փառքի Տարիներուն Լուսանկարիչը

Ապրիլ 12, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սեն Ժոզեֆ համալսարանի Արեւելեան գրադարանի լուսանկարներու արխիւատան կազմակերպութեամբ եւ  «Էմիրէյթս-Լեպանըն» դրամատան ընդհանուր տնօրէն Վարուժ Ներկիզեանի հովանաւորութեամբ, երէկ` հինգշաբթի, 11 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, տեղի ունեցաւ Լիբանանի փառքի տարիներու լուսանկարիչ` Վարուժան Սէթեանի լուսանկարներու ցուցահանդէսի բացումը:

Խօսք առաւ  Սեն Ժոզեֆ համալսարանի արխիւներու բաժինի պատասխանատու տնօրէն Լեւոն Նորտիկեան: Ան նախ ներկայացուց համալսարանի արխիւները, որոնք կ’ընդգրկեն հարիւր հազարաւոր լուսանկարներ` Յիսուսեան միաբանութեան վարդապետներուն կողմէ ժառանգուած: Ան հաստատեց, որ այս արխիւը շատ մեծ արժէք ու կարեւորութիւն ունի Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի համար: Ան տեղեկացուց, որ համալսարանի արխիւատունը երկու-երեք տարի առաջ հիմնուեցաւ. անիկա շատ մասնագիտական կառոյց մըն է, որ կառուցուեցաւ Պելճիքայէն «Պօղոսեան» հաստատութեան շնորհիւ:

Լեւոն Նորտիկեանի համաձայն, Վարուժ Ներկիզեանի ջանքերով համալսարանին մէջ կը գտնուին Վարուժան Սէթեանի լուսանկարները, որոնց ցուցադրութեան նախաձեռնուած է, որպէսզի անոր գործերը մատուցուին հանրութեան: Այս առիթով ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնեցան այս ծրագիրի յաջողութեան, յատկապէս Վարուժ Ներկիզեանի ընտանիքի անդամներուն, որոնք ոչ մէկ ջանք խնայեցին այս աշխատանքի իրականացման համար:

Խօսք առաւ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի նախագահ Սելիմ Տաքքաշը, որ նախ ներկայացուց Վարուժ Ներկիզեանի կենսագրականը` հաստատելով, որ ան մնայուն կերպով Սեն Ժոզեֆ համալսարանին հետ կը գործակցի եւ ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ անոր օժանդակելու: Իր հովանաւորութեամբ է, որ տեղի ունեցած է ցուցահանդէսը, ինչպէս նաեւ հրատարակուած է Վարուժան Սէթեանի լուսանկարներու ալպոմ մը: Սելիմ Տաքքաշ դիտել տուաւ, որ Վարուժան Սէթեանի նման լուսանկարիչի մը գործերուն ցուցադրութիւնը չէր կրնար որեւէ ցուցասրահի մէջ կազմակերպուիլ, հետեւաբար կարեւոր էր անոր կայացումը տուեալ համալսարանի այդ նորակառոյց սրահին մէջ:

Խօսելով Վարուժան Սէթեանի լուսանկարներուն մասին` Ս. Տաքքաշ լուսարձակի տակ առաւ այն, որ անոնք կը ցոլացնեն լիբանանեան բնութեան գեղեցկութիւնը, կ’անմահացնեն քաղաքական, գրական ու մշակութային դէմքեր` անոնց դիմանկարներուն ընդմէջէն, ինչպէս նաեւ տեղեկագրում կը կատարեն եւ կը մարմնաւորեն լիբանանեան քաղաքական կեանքի զանազան փուլեր ու իրադարձութիւններ: Ան նաեւ նշեց, որ ցուցահանդէսը հարուստ է հայկական կեանքին վերաբերող նկարներով` ըլլան անոնք Խորհրդային Հայաստանի վերաբերող եւ Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող:

Իր խօսքի աւարտին Սելիմ Տաքքաշ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին Վարուժան Սէթեանի գործերու ցուցադրութեան նուիրուած այս նախաձեռութեան յաջողութեան, յատկապէս «Պօղոսեան» հաստատութեան, որուն ջանքերով կառուցուեցաւ նոր ցուցասրահը:

Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ «Էմիրէյթս-Լեպանըն» դրամատան ընդհանուր տնօրէն Վարուժ Ներկիզեան: Ան ըսաւ, թէ իր ասպարէզին յաջողութեան համար շատ բան կը պարտի Շարժայի եւ Լիբանանին: Ան անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ հայ ժողովուրդի գոյութեան եւ անոր ունեցած կարեւոր դերակատարութեան եւ նշեց, որ Լիբանանի ժողովուրդը հայ ժողովուրդին ծանօթացած է Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, մինչդեռ հայ ժողովուրդի զաւակները Ցեղասպանութենէն առաջ ալ սփռուած եղած են աշխարհով մէկ` աշխատանքի նպատակներով: Իր խօսքի աւարտին ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Սեն Ժոզեֆ համալսարանի նախագահ` Սելիմ Տաքքաշին:

Ձեռնարկի աւարտին ներկաներուն տրամադրուեցաւ Վարուժան Սէթեանի նկարներու ալպոմը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 31 մայիս 2019, առաւօտեան ժամը 10:00-էն17:00, բացի կիրակի եւ տօնական օրերէն:

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

Յաջորդը

Քաղցկեղի Կանխարգիլման Դասախօսութիւններու Շարք` Թիւ 2. Տոքթ. Համբիկ Քուրիէ Դասախօսեց «Թոքերու Քաղցկեղ» Նիւթը

RelatedPosts

«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան.   Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան. Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը

Հոկտեմբեր 17, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ

Հոկտեմբեր 17, 2025
Համբիկ Մարտիրոսեանի Երեք Գիրքերու` «Բաժակ Մը Սէր», «Կեանք Ու Կարօտ-Երազ Ու Սէր» Եւ «Նոր Հայերգութիւն» Շնորհահանդէս
Գաղութային

Համբիկ Մարտիրոսեանի Երեք Գիրքերու` «Բաժակ Մը Սէր», «Կեանք Ու Կարօտ-Երազ Ու Սէր» Եւ «Նոր Հայերգութիւն» Շնորհահանդէս

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?