Չորեքշաբթի, 10 ապրիլ 2019-ի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ շարք մը հարցեր քննարկելու Հայաստանի ներկայ կացութեան, Արցախի, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեան, Լիբանանի, ինչպէս նաեւ վեհափառ հայրապետին վերջերս Հալէպ կատարած հովուապետական այցելութեան առնչուած: