Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարցազրոյց Սեն Ժոզեֆ Համալսարանի Արխիւներու Բաժնի Պատասխանատու Տնօրէն Լեւոն Նորտիկեանին Հետ

Ապրիլ 11, 2019
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

11 ապրիլ 2019-ին, երկոյեան ժամը 5:00-ին Սեն Ժոզեֆ համալսարանի արեւելեան մատենադարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ լիբանանահայ մեծագոյն լուսանկարիչներէն Վարուժան Սէթեանի լուսանկարներուն ցուցահանդէսը: Լուսանկարիչ Վարուժան Սէթեան գեղարուեստական լուսանկարներու հարուստ ժառանգութիւն մը կտակած է թէ՛ հայ ժողովուրդին, թէ՛ Լիբանանին եւ թէ՛ արաբական աշխարհին ու Մերձաւոր Արեւելքին: Կազմակերպուած ցուցահանդէսին առիթով «Ազդակ» հարցազոյց մը ունեցաւ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի արխիւներու բաժնի պատասխանատու տնօրէն Լեւոն Նորտիկեանին հետ:

«ԱԶԴԱԿ».- Ինչպէ՞ս ծնաւ լուսանկարիչ Վարուժան Սէթեանի լուսանկարներու ցուցահանդէս կազմակերպելու գաղափարը:

ԼԵՒՈՆ ՆՈՐՏԻԿԵԱՆ.- Նախ ըսեմ, որ ցուցահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի արեւելեան մատենադարանին մէջ, որ կը գտնուի «Թէաթըր Մոնօ»-ի ճիշդ վրան: Հոն շինուեցաւ նոր սրահ մը, որուն մէջ առաջին ցուցադրութիւնը պիտի ըլլայ Վարուժան Սէթեանի ցուցահանդէսը: Այս առիթով, Վարուժ Ներկիզեանի մեկենասութեամբ, նաեւ հրատարակուած է Վարուժան Սէթեանի լուսանկարներու ալպոմ մը:

Ներկայիս ես պատասխանատու տնօրէնն եմ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի լուսանկարներու արխիւներուն: Հսկայական արխիւներ կան, հարիւր հազարաւոր լուսանկարներ, որոնք Յիսուսեան միաբանութեան վարդապետները ձգած են: Յիսուսեան միաբանութեան արխիւները Լիբանանի եւ Արեւելքի համար շատ հարուստ են եւ շատ կարեւոր: Այդ արխիւներուն մէջ կայ բաժին մը, որ հայերուն հետ կապ ունի, որովհետեւ Յիսուսեան հայրերը առաքելութիւն մը ունէին «Հայկական առաքելութիւն» անունով (Միսիոն տ՛Արմենի), որ հիմնադրուած էր 1881-ին, հայրենիքի մէջ: Անոնք Թոքաթի, Սեբաստիոյ, Ամասիոյ, Կեսարիոյ , Ատանայի մէջ դպրոցներ հիմնած են եւ այդ շրջաններէն հայեր լուսանկարած են: Ասոնց մասին գիրքեր պատրաստած եմ , նոր գիրք մըն ալ պիտի աշխատիմ հրատարակել «Հայկական առաքելութեան» մասին,` մեկենասութեամբ Վարուժ Ներկիզեանի:

Ըսեմ նաեւ, որ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի արխիւատունը երկու-երեք տարի առաջ հիմնուեցաւ: Շատ մասնագիտական կառոյց մըն է, որ կառուցուեցաւ Պելճիքայէն «Պօղոսեան» հաստատութեան շնորհիւ: Արխիւատան ջերմաստիճանը եւ խոնաւութիւնը միշտ  հսկողութեան տակ են: Նկարները եւ նեկաթիւները առանց ասիտի պահարաններու եւ առանց ասիտի տուփերուն մէջ դրուած են: Նկարները կը մաքրուին ու կը պահուին յատուկ գործիքներով: Ես ուզեցի Յիսուսեան հայրերէն մնացած արխիւները ընդարձակել եւ որոշեցի հաւաքել Լիբանանի մէջ աշխատած լուսանկարիչներու  լուսանկարները: Շատեր չեն գիտեր, թէ ինչ պիտի ընեն իրենց լուսանկարները եւ կը նուիրեն հաստատութեան մը , որովհետեւ գիտեն, որ իրենց նկարները հոն պիտի պահուին ապահով:

Շատ լաւ գիտենք, որ հայերը մեծ դեր խաղացեր են լուսանկարչական ասպարէզին մէջ: Պոլիսէն սկսեալ մինչեւ Լիբանան ու Միջին Արեւելք` վարպետ լուսանկարիչները հայեր եղած են:  Օսմանեան կայսութեան մեծ նկարիչները, օրինակ` Ապտուլլա եղբայրները, Տիլտիլեանը , հայեր էին: Լիբանանի մէջ Սարաֆեանները կային, Կիւլպէնկը, Տէրունեանը, Մանուկ Ալէմեանը եւ Վարուժան Սէթեանը, ասոնք մեծ լուսանկարիչներ էին: Ես հետաքրքրուեցայ` լիբանանահայ լուսանկարիչներու արխիւները հաւաքելով: Դժբախտաբար մեծամասնութեան արխիւները Պէյրութի պատերազմին այրած են Պապ Իտրիսի մէջ, ուր կը գտնուէին գրեթէ բոլոր նկարչատուները: Այդ օրերուն Վարուժանի լուսանկարչատունն ալ այրած է, բայց բարեբախտաբար ան իր նկարներուն մեծ մասը ուրիշ տեղ պահած էր: Փորձեցի հոս ու հոն հարցնել, պրպտել. գիտէք` շատեր կարեւորութիւն չեն տար լուսանկարներու: Մանուկ Ալէմեանը կրցած էր փրկել լուսանկարները ու տանիլ Քանատա: Մտքիս մէջ կար, որ Վարուժան Սէթեանի նկարներու հաւաքածոն Սեն Ժոզեֆ համալսարանը ստանձնէ: Այդպէս ալ եղաւ, ուրեմն, Վարուժ Ներկիզեանի ջանքերով եւ մեկենասութեամբ, Վարուժան Սէթեանի նկարներու ամբողջ հաւաքածոն հիմա Սեն Ժոզեֆ համալսարանին մէջ է: Վարուժան Սէթեանի ընտանիքն ալ համաձայն էր այս տնօրինման, որովհետեւ լաւ գիտէր, որ ժամանակի ընթացքին այդ նկարները պիտի փճանային, մանաւանդ` գունաւոր նկարները, որոնք շատ երկար կեանք չունին: Որոշ պայմաններ պէտք է, որ անոնք երկար ապրին: Ըսեմ, որ Վարուժ Ներկիզեանը «Էմիրէյթ-Լիպանոն» դրամատան ընդհանուր տնօրէնը եւ նախագահն է եւ մեծ բարերար է Լիբանանի մէջ:

Այսպէս , ուրեմն որոշեցինք ցուցահանդէս մը կազմակերպել Վարուժան Սէթեանի լուսանկարներուն եւ Վարուժ Ներկիզեանին  կատարած բարեգործութեան եւ օժանդակութեան պատիւին:

«Ա.».- Ինչո՞վ կը յատկանշուին Վարուժան Սէթեանին լուսանկաները:

Լ. Ն.- Վարուժանը ամէն տեսակի նկարչութիւն ըրած է` տեսարան ըլլայ, տեղեկագրական (reportage) ըլլայ: Ան շատ նկարներ ունի` Լիբանանի հրաշալի բնութեան մասին: Ան բանաստեղծի ոգի ունեցած է: Իմ կարծիքովս, Վարուժանը արտակարգ դիմանկարող լուսանկարիչ էր: Ան հարիւրաւոր նկարներ ունի գրագէտներու, արուեստագէտներու` մանաւանդ հայ գրողներու եւ արուեստագէտներու Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ: Հրաշալի նկարներ նկարած է` Պարոյր Սեւակ, Յովհաննէս Շիրազ, Գուրգէն Մահարի, զոր անկողինէն հանած ու նկարած է, Սիլվա Կապուտիկեան եւ շատ ուրիշներ: 1968-ին Վարուժանը նկարած է հայ գրականութեան եւ արուեստի գրեթէ բոլոր անձնաւորութիւնները:

Նոյն բանը Լիբանանի մէջ ըրած է. նկարած է Անդրանիկ Ծառուկեանը, Մուշեղ Իշխանը եւ շատ ուրիշներ: Մեծանուն երգչուհի Ֆէյրուզին պաշտօնական նկարիչը եղած է Վարուժան Սէթեանը: Ցուցահանդէսին պիտի ներկայացնենք այս նկարներէն շատերը, որոնցմէ կարելի է գաղափար մը կազմել Վարուժանի լուսանկարչական արուեստին մասին: Յաջորդ քայլս պիտի ըլլայ Վարուժան Սէթեանի` հայ դիմանկարներու ալպոմ մը պատրաստել, որովհետեւ իսկապէս կ’արժէ:

«Ա.».- Ի՞նչ ներդրում ունեցած է Վարուժան Սէթեանը Լիբանանի լուսանկարչական արուեստին մէջ:

Լ. Ն.-1965-ին Վարուժան Սէթեանը լուսանկարչական մեծ ցուցահանդէս մը ունեցած է «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ Համազգայինի աջակցութեամբ եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան հովանաւորութեամբ: Թէեւ ես մասնագէտ չեմ արուեստի, բայց կը կարծեմ, որ Վարուժանին ցուցահանդէսը Լիբանանի մէջ առաջին լուսանկարչական ցուցահանդէսը եղած է : Այս մասին օրուան թերթերուն մէջ յօդուածներ գրուած են այն մասին, որ լուսանկարչութիւնը այլեւս արուեստ կարելի է համարել: Ան երեք-չորս ցուցահանդէս իրականացուցած է. երկրորդը 1969-ին տուած է Պետական երաժշտանոցին մէջ, Հայաստանէն վերադարձին, որ նուիրուած  եղած է Հայաստանի տեսարժան վայրերուն եւ արուեստագէտներուն:

Հակառակ անոր որ բարձրագոյն ուսում չէ ստացած Վարուժան Սէթեանը, բայց ինքնաշխատութեամբ բաւական գիտելիք ամբարած է հայ գրականութեան եւ արուեստի մասին: Օրինակ` ան լուսանկարներու շարք մը ըրած է Պեքայի մէջ հունձքի եւ կալի կեանքը պատկերող: Այս երեւոյթը մեզի կը յիշեցէ Դանիէլ Վարուժանի «Հացին երգը», որմէ ներշնչուած է եւ սերմնացանէն մինչեւ հացը` բոլոր քայլերը նկարած է:

Վարուժան Սէթեանը շատ սիրած է հայ գրականութիւնը, երաժշտութիւնը եւ արուեստը: Ան մաս կազմած է նաեւ Բարսեղ Կանաչեանի «Գուսան» երգչախումբին: Ան աշխուժ մասնակիցը եղած է նաեւ լիբանանահայ կեանքին ու գործունէութիւններուն: Վարուժան Սէթեանը ամէն տարի Ապրիլ 24-ի ձեռնարկներուն եւ քայլարշաւներուն մասնակցած եւ լուսանկարներ նկարած է` ըլլայ Պիքֆայայի մէջ, ըլլայ Պէյրութ: Հայոց ցեղասպանութեան 50-ամեակին, որ տեղի ունեցած է Ք. Շամունի անուան մարզադաշտին մէջ, ուր հաւաքուած եղած են տասնեակ հազարաւոր հայեր, Վարուժան հրաշալի փանորամիք նկարներ նկարած է, որոնք մեծ արժէք ունին այսօր:

Կը ծրագրեմ Վարուժան Սէթեանի դիմանկարներուն յատուկ ցուցահանդէս մըն ալ կազմակերպել յառաջիկային: Ան վերջին մոհիկաներէն մէկը եղած է հայ լուսանկարչութեան աւանդութեան, որ սկսած է Պոլիսէն եւ շարունակուած` Սուրիա, Լիբանան եւ Միջին Արեւելք:

 

 

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

«Հայաստանում Այնքան Լիբանանցիների Հետ Եմ Ընկերացել, Որ Արդէն Լաւ Գիտեմ Այնտեղի Հայերին` Առանց Այնտեղ Լինելու» Աշոտ Յարութիւնեան

RelatedPosts

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան
Հարցազրոյց

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան

Հոկտեմբեր 16, 2025
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ.  «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց
Հարցազրոյց

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ. «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց

Հոկտեմբեր 6, 2025
Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ
Հարցազրոյց

Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ

Սեպտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?