Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եղիկ Գայայեանի Նահատակութեան 30-Ամեակի Ոգեկոչում

April 8, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղին, երէկ` կիրակի, 7 ապրիլ 2019-ին ոգեկոչուեցաւ նահատակութեան 30-ամեակը լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի օրերուն հայութեան պաշտպանութեան ու ծառայութեան լծուած եւ այդ ուղիին վրայ ալ իր մատաղ կեանքը ազգին ու հայութեան նուիրած Եղիկ Գայայեանի:

Առաւօտեան ժամը 9:30-ին Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որմէ ետք ԼԵՄ-ականներն ու Եղիկ Գայայեանի հարազատները ուղղուեցան Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուն, ուր կը գտնուի նահատակին շիրիմը:

Մոմավառութենէն ետք «Արաբօ» մասնաճիւղի վարչութիւնը յուշանուէր մը յանձնեց Եղիկ Գայայեանի հարազատներուն, ապա խօսք առաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յարութ Լափաճեան, որ անդրադարձաւ Եղիկ Գայայեանի կենսագրական գիծերուն, որոնց մէջ միշտ շեշտուած եղած են դաշնակցականի յատկութիւնները: Ան դիտել տուաւ, որ քաղաքացիական պատերազմը նոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման դրաւ լիբանանահայ երիտասարդը ընդհանրապէս եւ ԼԵՄ-ականը յատկապէս, որ կրցաւ արդարացնել իր ուսերուն դրուած պարտականութիւնը: Յ. Լափաճեան նշեց, որ այդ սրբազան պարտականութեան ընթացքին նահատակուեցաւ Եղիկ Գայայեան, երբ գացած էր հայ ընտանիքի մը օգնութեան, զոր կատարելէ ետք ի՛նք կը վիրաւորուի ու կը զոհուի: Ան նաեւ խօսեցաւ դաշնակցական երիտասարդի յատկանիշներուն մասին` շեշտելով, որ ազգն ու հայրենիքը ամէն բանէ վեր դասելը կարեւորագոյն տուեալներն են, որովհետեւ տարուած աշխատանքին հիմքը պէտք է հանդիսանայ անձնազոհութիւնը:

Աւարտին ԼԵՄ-ականները երգեցին «Վէրքերով լի»-ն եւ խոստացան շարունակել Եղիկ Գայայեանին ու անոր ընկերներուն ուղին:

 

Նախորդը

Միջդպրոցական Գծագրութեան Մրցանք` Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոցին

Յաջորդը

Յովհաննէս Թումանեանի Եւ Կոմիտաս Վարդապետի Ծննդեան 150-ամեակի Նշում

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան.  Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր,  Պատճառներ, Արդիւնքներ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան. Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր, Պատճառներ, Արդիւնքներ

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.