Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջդպրոցական Գծագրութեան Մրցանք` Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոցին

Ապրիլ 8, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցին կազմակերպութեամբ` ամէնամեայ միջդպրոցական գծագրութեան մրցանքը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 6 ապրիլ 2019-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնին մէջ:

Մրցանքին իրենց մասնակցութիւնը բերին տարիքային երեք խումբերու բաժնուած (6-8, 9-12, 13-16 տարեկան) 44 մանուկներ եւ պատանիներ:

Այս տարուան մասնակից դպրոցներն էին` Ազգային միացեալ վարժարանը, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը, Այնճարի Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանը, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը,  Հայ կաթողիկէ Ս. Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանը, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանը, Հայ կաթողիկէ Սրբուհի Ագնէս վարժարանը, Հայ աւետարանական քոլեճը, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանը, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանը, ՀԲԸՄ-ի վարժարանները, Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանը, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանը, Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան վարժարանը եւ Վահան Թեքէեան վարժարանը:

Մրցանքը սկիզբ առաւ առաւօտեան ժամը 10:00-ին, երբ 6-8 եւ 9-12 տարեկան մանուկներն ու պատանիները կազմ ու պատրաստ իրենց մատիտներով եւ ներկերով  սկսան գծել իրենց սահմանուած նիւթը:

Ապա,  կէսօրուան ժամը 12:00-ին 13-16 տարեկան մեծահասակները գործի անցան:

Բոլորին մօտ զգալի էր լրջութիւնն ու խանդավառութիւնը:

Երեկոյեան ժամը 5:00-ին բոլոր մասնակիցներուն գործերը ցուցադրուած էին «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ, ուր ծնողներն ու բարեկամները առիթ ունեցան դիտելու եւ գնահատելու փոքրիկ արուեստագէտներուն աշխատանքները:

«Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի պատասխանատու Վազգէն Մուղալեան հակիրճ բացատրողական մը տալէ ետք ձեռնարկին պատրաստութեան, գործերու զտումին եւ մրցանակաբաշխութեան մասին, բեմ հրաւիրեց Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Թամար Սնապեան-Սուրճեանը, որ  ըսաւ, թէ ապրիլ ամսուան զուգադիպող այս մրցանքը յատուկ պատգամ մըն է ուղղուած թշնամի թուրքին, թէ մենք մշակոյթով յաղթած ենք արդէն:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակից աշակերտներուն, ծնողներուն, գծագրութեան ուսուցիչներուն եւ դպրոցներու տնօրէնութեանց` իրենց գործակցութեան համար:

Այնուհետեւ Վազգէն Մուղալեան բեմ հրաւիրեց հանրաճանաչ եւ վաստակաւոր արուեստագէտ, «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի քանդակագործութեան ուսուցչուհի Կիւլէն Տէր Պօղոսեանը, որ փոխանցեց իր սրտի խօսքը: Վերջինս փափաք յայտնեց, որ փոքրիկները շարունակեն զարգացնել իրենց ձիրքերը եւ անպայման հետեւին արուեստի` ընտրելով իրենց նախասիրած արուեստի ճիւղը` իբրեւ կեանքի ասպարէզ:

Բոլոր աշակերտները ստացան մասնակցութեան հաստատագիրներ, իսկ  առաջին, երկրորդ եւ երրորդ հանդիսացողները ստացան «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի 2019-2020 տարեշրջանի ուսման թոշակներ`  համապատասխան զեղչերով: Նշենք, որ դատական կազմը բաղկացած էր «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի ուսուցիչներէն, իսկ դպրոցի սաները մասնակցութիւն չէին ունեցած սոյն մրցանքին, կազմակերպիչ կողմ ըլլալով:

Այս առիթով Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը յաջորդ տարեշրջանի վերամուտին գծագրական պիտոյքներ պիտի տրամադրէ այն  մրցանակակիրներուն  եւ հաստատագիր ստացած  աշակերտներուն, որոնք պիտի արձանագրուին «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոց:

Մրցանքին արդիւնքները ստացան հետեւեալ պատկերը.

Ա.- Առաջին խումբ` 6-8 տարեկան, առաջին հանդիսացաւ Վանի Նորշահեան (Հայ աւետարանական քոլեճ), երկրորդ հանդիսացաւ Իզապէլ Ատուրեան (Ազգային միացեալ վարժարան), երրորդ հանդիսացաւ Աննա Կիւրիւնլեան (Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան):

Բ.- Երկրորդ խումբ` 9-12 տարեկան, առաջին հանդիսացաւ Լիւսի Գասեմճեան (Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան), երկրորդ հանդիսացաւ Նաթէլ Հաւաթեան (Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ), երրորդ հանդիսացաւ Մանուէլ Պորանեան (Վահան Թեքէեան վարժարան):

Գ.- Երրորդ խումբ` 13-16 տարեկան, առաջին հանդիսացաւ Վառակ-Նարեկ Մանուկեան (Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան), երկրորդ հանդիսացաւ  Փաթիլ Աքանճեան (Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան), իսկ երրորդ հանդիսացան  Նաթալի Պետիկեան (Ազգային միացեալ վարժարան) եւ Սինթիա Դարբինեան (Հայ կաթողիկէ Սրբուհի Ագնէս վարժարան):

 

Նախորդը

Խմբագրական «Նոր Յառաջ»-ի. Հայկական Օրակարգ

Յաջորդը

Եղիկ Գայայեանի Նահատակութեան 30-Ամեակի Ոգեկոչում

RelatedPosts

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում
Գաղութային

«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում

Հոկտեմբեր 25, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?