Ազրպէյճան «անպայման պիտի վերականգնէ հողային ամբողջականութիւնը, եւ գրաւեալ տարածքներուն մէջ պիտի ծածանի ազրպէյճանական դրօշը», յայտարարած է երկիրի փոխնախագահ, առաջին տիկին, Հայտար Ալիեւի հիմնադրամի ղեկավար Մեհրիպան Ալիեւան: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն»-ը:
Ալիեւա չորեքշաբթի օր հանդիպելով 2016-ի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի մասնակիցներուն, պնդած է` այդ պատերազմը «ցոյց տուաւ, որ Ազրպէյճան երբեք պիտի չհամակերպի իր տարածքներու կորուստին հետ»: