Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 31 մարտին, Ա. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը արձանագրեց տպաւորիչ յաղթանակ մը, Թատամոնի դէմ:
«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին, ՀՄԸՄ-ի աղջիկները յաղթեցին 62-29 արդիւնքով. կիսախաղ` 32-15, ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի: